ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- ԼՂՀ կառավարութեան նիստին, գործադիր մարմինի քննարկման ներկայացուեցան ԼՂՀ կառավարութեան կառուցուածքին մասին օրէնքին մէջ կատարուելիք փոփոխութիւնները, ըստ որոնց, կառավարութեան առընթեր արտադրական ենթակառուցուածքներու վարչութիւնը պիտի վերակազմաւորուի: Նաեւ, փոփոխութեան համաձայն, պիտի լուծարուի կառավարութեան առընթեր ջրային տնտեսութեան վարչութիւնը:
Վերոնշեալ փոփոխութիւնները արժանացան գործադիրի հաւանութեան, եւ ասոր պիտի յաջորդէ Ազգային ժողովին կողմէ քննարկումը:
Տակաւին պարզ չէ, թէ ո՞վ պիտի նշանակուի նոր նախարարութեան ղեկավար, բայց տարբեր շրջանակներու կողմէ կը նշուի արտադրական ենթակառուցուածքներու ներկայ վարչութեան պետ Կառլեն Պետրոսեանի անունը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.