ՕՔԼԸՆՏ.- Դեկտեմբեր 4ին, Նորա եւ Սարգիս Շիրիքեաններու Սան Ռամոնի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ էին ՀՕՄի Օքլընտի «Երեբունի» մասնաճիւղէն անդամներ եւ համակիրներ՝ մօտաւորապէս 75 հոգի: Հիւրասիրութեան նպատակն էր նպաստել Ախուրեանի մէջ գործող դարմանատան, որ 1997ի Մայիսէն ի վեր օժանդակութիւն տրամադրած է աւելի քան 50,000 մայրերու եւ նորածիններու: Դարմանատունը նորոգութեան անմիջական կարիքը ունի. կացութիւնը վերջերս այնքան վատթարացած էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները նոյնիսկ ազզադարարած էին, թէ դարմանատունը կրնայ փակուիլ: Դեկտեմբեր 4ին հաւաքուած գումարը զգալիօրէն պիտի օժանդակէ դարմանատունը բաց պահելու աշխատանքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.