ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- SocialDocu-mentary.net վաւերագրական լուսանկարներու կայքը ամերիկահայ լուսանկարիչ Արա Օշականի աշխատանքը ընտրած է իբրեւ «2010ի պատկեր»: «2010ի պատկեր» ճանչցուած է ընդհանուր առմամբ 14 աշխատանք՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու լուսանկարիչներէ, ինչպէս՝ Աֆղանիստան, Քուպա, Զանզիպար (Թանզանիա), ԱՄՆ, Հայաստան, Մատակասքար, Թայլանտ, Քամպոտիա, Պանկլատեշ, Վրաստան, Սերպիա եւ Հնդկաստան:
Նշեալ կայքի հիմնադիր տնօրէն Քլեն Ռուկա նշած է, որ լուսանկարները լաւագոյն ճանչցուած են՝ հաշուի առնելով 3 պահանջք՝ լուսանկարչական պատկերին ուժը, լուսանկարիչին նուիրուածութիւնը թեքսթին ու պատկերին մէջ արտայայտուած թեմային, ինչպէս նաեւ հիմնախնդիրներու եւ վայրերու բազմազանութիւնը:
«Ըստ այս 3րդ պահանջքին, որոշ լուսանկարներ, ուղղակի արժանի ըլլալով բարձր գնահատանքի, ինչպէս այս 14 լուսանկարները, չեն ներառուած անոնց մէջ, միայն այն նպատակով, որ որեւէ տուեալ թեմա կամ աշխարհագրական վայր չափէն շատ ներկայացուած չըլլայ «2010ի պատկեր»ին մէջ», նշած է Կլեն Ռուկա:
Նշենք, որ կայքին մէջ ներկայացուած են Արա Օշականի «Father Land» գիրքին մէջ տեղ գտած այլ լուսանկարներ եւս, զորս լուսանկարիչը նկարած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Գիրքին մէջ ներկայացուած է նաեւ լուսանկարիչին հօր՝ յայտնի գրող Վահէ Օշականի թեքսթը՝ Արցախի մասին: «Father Land»ը աշխատանք է Արցախի պատմութեան ու ներկային մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.