Աղեքսանդրիոյ մէջ Նոր տարուան գիշերը Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ դէմ կատարուած եւ 23 զոհ պատճառած ահաբեկչական արարքէն ետք, Եգիպտոսի նախագահ Հուսնի Մուպարաք, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարներ դատապարտեցին այդ յարձակումը։
Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ եկեղեցիներու դէմ յարձակումներէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, երէկ, իր ձայնը այդ ղեկավարներուն միացնելով՝ դատապարտեց «Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական մաքրագրոծում կատարելու կասկածելի ծրագիրի մը գոյութիւնը»։
Թորինոյի առաջնորդ Չեզարէ Նոզալիա, իր կարգին յայտարարեց, որ շնորհիւ Քրիստոսի համար նահատակութեան, քրիստոնէութիւնը աւելի եւս կը տարածուի, «կ՛ամրապնդուի մեր քաջութիւնը, ուժն ու հաւատքը, ինչպէս նաեւ բոլորին նկատմամբ մեր սէրը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.