ՊԱՔՈՒ, «Թերթ».- Ըստ ատրպեճանական «Եննի Ատրպէյճան» պարբերականին մէջ տեղ գտած ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան նուիրուած քննադատական յօդուածին, ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անզօր են հայկական լոպիին դիմաց:
«Ամերիկեան շահերը անհնար է դիտարկել առանց հաշուի նստելու Քալիֆորնիոյ կամ այլ նահանգներու հայկական Սփիւռքին կողմէ ներկայացուող պահանջներուն հետ: Ըսուածին վառ ապացոյցն է ամէն տարի հայկական Սփիւռքին կողմէ իրականացուող արշաւը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Այնպէս կ՛երեւի, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը կը դառնայ հայերուն պատանդը», կը գրէ ատրպեճանական պարբերականը՝ ընդգծելով, որ ԱՄՆի մէջ գործող հայկական լոպին լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէր Օպամայի դիմաց, Մեթիու Պրայզան Պաքուի մօտ դեսպան նշանակելու հարցով։
Ուաշինկթընը մեղադրելով երկակի չափանիշներու քաղաքականութեան համար՝ պարբերականը կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու պէս գերտէրութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կը ձեւաւորուի ո՛չ թէ Պետական քարտուղարութեան մօտ, այլ՝ Քիմ Քարտաշեանի ննջարանին կամ Քըրք Քըրքորեանի գրասենեակին մէջ։
«Կուանթանամոյի ռազմակայանը Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրականացուող երկակի չափանիշներու քաղաքականութեան խոր-հրդանիշ դարձած է: Այդ բանտը ստեղծուած է 2002ի Յունուարին: Այն ժամանակ Աֆղանիստանէն դէպի այդ բանտ բերուեցան Թալիպան շարժման 20 զինեալներ: Կուանթանամոյի կալանաւորներուն նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ կ՛իրականացուէին խոշտանգումներ: Պարաք Օպաման, 2009ին ընտրուելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ հրահանգեց փակել բանտը: Սակայն, ինչպէս կը տեսնենք, բանտը մինչեւ հիմա փակուած չէ եւ դեռ կը շարունակէ գործել», կը նշուի ատրպեճանական պարբերականին մէջ, ուր կ՛ընդգծուի, որ «ԱՄՆ նախագահը այլեւս աշխարհի առաջնորդը չէ»:
«Նախկին ԽՍՀՄի պէս պահ մը վերելք ապրող ԱՄՆ արդէն անկարող է նոյնիսկ փոքր փոփոխութիւն իրականացնելու աշխարհին մէջ: Տոլարը, ուր որ է, կը մօտենայ իր վախճանին: «Ուիքիլիքս»ի արտահոսքին պատճառով վտանգուած է նաեւ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը: Կ՛աւարտի ամերիկեան ռազմուժի գերիշխանութեան ժամանակաշրջանը», կը գրէ ատրպեճանական թերթը՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է վերանայի իր քաղաքականութիւնը եւ որոշումներ կայացնէ՝ ըստ պետական շահերու։