ԵՐԵՒԱՆ.- «Կրթական համակարգում կոռուպցիոն երեւոյթների դէմ պայքարի 2011-2012ի համալիր գործողութիւնների ծրագիր»ի ծիրէն ներս, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Կ. Յարութիւնեան, Դեկտեմբեր 29ին հանդիպած է Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) ուսանողական խորհուրդի անդամներուն հետ: Նախարարին տեղակալը, ողջունելով նման երեւոյթներու դէմ պայքարին մէջ ուսանողներու աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ նշած է, որ ծրագիրի յաջողութեան գրաւականը բոլոր կողմերուն հետեւողական եւ համատեղ աշխատանքն է:
Իրենց հերթին, ԵՊՀ ուսանողական խորհուրդի անդամները ներկայացուցած են իրենց առաջարկները՝ համալիր գործողութիւններու ծրագիրին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ բարձրացուցած են զիրենք հետաքրքրող հարցեր։ Ծաւալած քննարկման ընթացքին, նախարարի տեղակալ Կ. Յարութիւնեան առաջարկներու փաթեթին առնչութեամբ նշած է, որ անիկա քննարկուած է նախարարութեան կողմէ, եւ թէ առաջարկներու հիմնական մասը ընդունուած է:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ նախարարութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ, որպէսզի այն մօտեցումները, որոնք կը վերաբերին ուղղակի Երեւանի պետական համալսարանին, ընդգրկուին ուսումնական հաստատութեան կողմէ մշակուող ծրագիրին մէջ:
Հանդիպման աւարտին ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն՝ շփումները պարբերական դարձնելու կապակցութեամբ: