Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10ի երեկոյեան, կազմակեպութեամբ Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնին, ծանօթացման եւ գնահատանքի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ շրջանի քաղաքներու պաշտօնատարներուն հետ:
Ներկայ էին 85 հոգի, ներառեալ՝ Լա Քանիատա, Լա Քրեսենթա, Մոնթրոզ, Սանլենտ-Թահանկա եւ Կլենտէյլ քաղաքներէն պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ ոստիկանական բաժանմունքներէն ներկայացուցիչներ: Ասոնց կողքին կային նաեւ տեղական հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնին համայնքային յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետուհի Անի Փափարեան հանդիպումին պաշտօնական բացումը կատարելով՝ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ցուցաբերած աջակցութեան:
Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ աղօթք, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնի վարչութեան ու շրջանի ՀՅԴ կոմտիէի ատենապետ Արիկ Գէորգեան:
Իր ելոյթին մէջ, Արիկ Գէորգեան շեշտեց շրջանի քաղաքական ու ընկերային կեանքին մէջ համայնքին գործօն մասնակցութեան կարեւորութիւնը, եւ աւելցուց, թէ միայն համատեղ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ ամբողջ շրանին կեանքի որակը բարձրացնել:
Գէորգեան նաեւ մատնանշեց, թէ Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնը այս ծիրէն ներս կարեւոր ներդրում ունի եւ յիշեցուց այն սպասարկութիւնները, սկսելով արտադպրոցական ծրագիրներէն ու հասնելով մինչեւ սկաուտական, երիտասարդական եւ մարզական ծրագիրներու, որոնք կը տրամադրուին վերջին քսան տարիներուն շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՅԴ կոմիտէութեան, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, Տարեցներու միութեան, ՀԵԴի ու ՀՅԴ Պատանեկան միութեան միջոցաւ:
Երեկոն նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ համայնքին վեց կիներու մեծարման, անոնց տարիներու համայնքային սպասարկութեանց համար: Մեծարեալներն էին՝ Էմմա Կարապետեան (ՀՕՄ), Հերմինէ Աբօշեան (Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցի), Լիտա Մարգարեան (Ամերիկահայ տարեցներու միութիւն), Մարալ Լիոն (ՀՄԸՄ «Շանթ» մասնաճիւղ), Լորիկ Սվազլեան (ՀԵԴ) ու Այտա Պօղարեան (Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնի համայնքային յարաբերութեանց յանձնախումբ):
Մեծարեալներուն յանձնուեցան յատուկ յուշագիրներ եւ ներկայացուցեաւ անոնց գործունէութիւնը:
Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետ Շերըլ Տէյվիս եւ Սանլենտ-Թահանկա թաղապետութեան անդամ Տէյվիտ Քէյն եւս շնորհակալական ելոյթներ ունեցան: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, ապա հաւաքին մասնակիցները իրարմէ բաժնուեցան գործակցութիւնը սերտացնելու խոստումներով: