ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակը Հայաստանի մէջ նշուեցաւ «Դար մը եւ քսան տարի» կարգախօսով: Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 13, 2010ին տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Այսօրուայ սերունդի համար Դաշնակցութեան 120 տարիները ինքնաբերաբար ներկայանում են որպէս 100-20 տարիներ ընդգծելով մեր գիտակցութեան մէջ յատկապէս այն վերջին 20 տարիները, որի ականատես եղել ենք բոլորս»: Արդարեւ, 8 Օգոստոս 1990ին ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը բացայայտէր հայաստանեան իր գործունէութեան վերսկսումը: Տասնըհինգ օր յետոյ, 23 Օգոստոս 1990ին, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը կը հրապարակէր Անկախութեան Հռչակագիրը, որով եւ սկիզբ կու տար Խորհրդային Միութենէն անջատուելու սահմանադրական գործընթացին: Նշենք որ Դաշնակցութեան հայաստանեան գործունէութեան բացայայտման թուականը նաեւ Սեւրի Դաշնագրի 70ամեակն էր:
Պատճառային ուղղակի կապ չկայ Դաշնակցութեան հայաստանեան գործունէութեան բացայայտման եւ Անկախութեան Հռչակագրի հրապարակման միջեւ: Թուականները ամենայն հաւանականութեամբ զուգադիպութիւն են: Բայց կուսակցութեան 120ամեակի առիթով, եւ ի դիմաց անոր «100-20 տարի» բանաձեւման, յետադարձ ակնարկը անհրաժեշտ է խորհրդածելու համար կուսակցութեան անմիջական եւ ապագայ աշխատանքին մասին՝ մեկնած այն սկզբունքային համոզումէն, որ այդ աշխատանքը, ի՛նչ բնոյթի ալ ըլլայ այն, անհրաժեշտաբար եւ անխուսափելիօրէն նպատակաուղղուած է Դէպի Երկիր, դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուայ իրականութիւնը, առանց սակայն երբեք մտահան ընելու Սեւրի վերակենդանացումով կոնկրետացուող (յստակացուող-Խմբ.) Միացեալ Հայաստանի վախճանական նպատակը: Անցնող քսան տարիներու վերիվայրումներուն, նուաճումներուն եւ դեռեւս թերի կամ չամբողջացած ծրագիրներու քննարկումն է, որ առիթ պիտի տայ մտածելու Դաշնակցութեան պատմութեան առաջին դարու ամենալայն ժամանակաշրջանի՝ Սփիւռքեան գործունէութեան արդիականացման, վերալիցքաւորման մասին, ընդհուպ մինչեւ Սփիւռքեան Նախագիծի մը որդեգրումը կուսակցութեան յաջորդ Ընդհանուր Ժողովին:
Հայաստանեան գործունէութեան հրամայականէն մեկնած Սփիւռքի մասին մտածելու անհրաժեշտութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի որպէս ինչ որ հատուածականութիւն, ինչպէս որոշ շրջանակներ, ներառեալ թերեւս նոյնիսկ կուսակցութեան շարքերէն ներս, պիտի ուզեն դիտաւորեալ թէ ակամայ կամ առանց շատ մտածելու մեկնաբանել: Ընդհակառակը, ի տարբերութիւն քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն, ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձը նոր կուսակցութեան մը հիմնումը չնշանակեց, այնպէս ինչպէս օրուայ իշխանութիւնները, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, կը փափաքէին: Կուսակցութիւնը մնաց գաղափարականօրէն միացեալ, միեւնոյն ծրագրային նպատակներուն հետամուտ, եւ կազմակերպականօրէն ապակեդրոնացեալ, այնպէս ինչպէս եղած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութեան կազմակերպական ընդլայնումը: Կուսակցութեան Երկրի կազմակերպութիւնը, թէկուզ եւ պատմականօրէն անկիւնադարձային հայրենիք վերադառնալու յատկութեան բերումով, այնուամենայնիւ միեւնոյն կուսակցութեան կազմակերպական ընդլայնման մէկ նոր հանգրուան մը եղաւ:
Դաշնակցութեան այս սկզբունքը կուսակցութեան կը վերապահէ Սփիւռք-Հայաստան համարկման, ընդհուպ մինչեւ զանգուածային հայրենադարձութեան իրականացման քաղաքականութիւն մշակելու եւ իրականացնելու ամբողջ կարողականութիւն մը, որ, սակայն, ի գործ կրնայ դրուիլ միայն երբ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ պայմանները ստեղծուին: Որովհետեւ, անհրաժեշտ է ընդգծել, պատահական չէ որ Սփիւռքի մէջ ի մասնաւորի յետ-փրոթոքոլեան այս հանգրուանին ինքնակազմակերպման, հաւաքական ներկայացուցչութեան ստեղծման փորձերը բազմանան: «Սփիւռք» հասկացողութիւնը հոս կընկալուի իր սահմանափակ հասկացողութեամբ եւ կը վերաբերի քաղաքական ինքնութեան գիտակցութեան, որ սահմանուեցաւ 1930ական թուականներուն, երբ Ցեղասպանութեան վերապրողները, այսինքն՝ աշխարհացրիւ Արեւմտահայութիւնը, հասան այն համոզումին որ հայրենիք վերադարձը այնքան ալ անմիջական չէ ինչպէս կը յուսային մինչ այդ: Այսպէս կոչուած «նոր սփիւռք»ը, որ հիմնականին մէջ Հայաստանէն տնտեսական դրդապատճառներով արտագաղթած զանգուածին կը վերաբերի:
Սփիւռքեան ներկայացուցչութիւն ստեղծելու փորձեր եղած են ատենին, յիշատակելի է մանաւանդ 1980ականներու նախաձեռնութիւնները, բայց բոլորն ալ ձախողած են որովհետեւ նպատակադրած են հակադրուիլ համայնքային կառոյցներուն, անտեսած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նման կենսական հաստատութիւններ, եւ քննադատած են «աւանդական» կուսակցութիւնները: Սփիւռքի ներկայացուցչութիւն ստեղծելու ներկայ փորձերը հետեւանք են Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ հայրենադարձութիւն իրականացնելու տրամադրութեան բացակայութեան: Այդ մէկը բառերը առանց ծամծմելու եւ իրեն յատուկ մեծամտութեամբ բազմիցս յայտարարած է Լեւոն Տէր Պետրոսեան: Հարցը, սակայն, մէկ պետական այրի սխալը չէ, այլ ամբողջ քաղաքականութեան մը թողած ժառանգն ու անոր կամայ թէ ակամայ շարունակութիւնը իր յաջորդներուն օրով:
Փաստօրէն, նոյնիսկ երբ վերացուեցաւ պաշտօնական արգելքն ու հայրենադարձութեան առնուազն օրինական պայմանները ստեղծուեցան Ռոպերթ Քոչարեանի օրով, հայրենադարձութիւնը խօսքի, բարի տրամադրութեանց եւ Սփիւռքի ինքնասիրութիւնը շոյող յայտարարութիւններէն անդին անցնող պետական քաղաքականութեան չվերածուեցաւ: Աւելի՛ն, առնուած բոլոր նախաձեռնութիւնները՝ քաղաքացիութեան օրէնքէն մինչեւ Սփիւռքի նախարարութիւն եւ արեւմտահայերէնի ակադեմական հովանաւորութիւն, իրենց բոլոր դրական տրամադրուածութեամբ հանդերձ ցարդ չեն յաջողիր իրականացնել այն ինչ նպատակադրած են:
Պատճառը, առանց խորացնելու վերլուծումը, հիմնականօրէն Հայաստանի մէջ հարստութեան ծայրայեղ կեդրոնացումն է, սոցիալական բեւեռացումը, որ հետեւանք է նէօլիբերալ տնտեսական քաղաքականութեան մը, որ ոչ միայն գործատեղեր ստեղծելու կարողութիւն կամ առաջնային տրամադրութիւն չունի, այլ շարքային քաղաքացիին, իմա՝ ոչ մեծ դրամատէրին կամ օլիկարգին, իր կենսամակարդակի բարելաւման ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ, ընդհակառակը՝ երկրէն հեռանալու, արտագաղթելու հրաւէր է: Նէօլիբերալ քաղաքականութեան անխուսափելի հետեւանքներն է հատուածականութեան խորացումը, ներառեալ Հայաստան-Սփիւռք կամ Արեւմտահայ-Արեւելահայ տարբերութիւններու հակադրումն ու տարբերութիւններու սրումը փոխանակ այդ տարբերութիւնները ընկալելու որպէս մշակութային բազմազանութիւն եւ համարկման, զարգացման խթան: Եթէ Սփիւռքի մէջ ներկայացուցչութիւն ստեղծելու փորձերը, բանավէճն ու հրապարակային քննարկումները բազմացան հայ-թրքական փրոթոքոլներէն ետք, հիմնական պատճառը այն է որ Սփիւռքը, ճիշդ թէ սխալ, նախագահ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» ընկալեց որպէս արհամարհական անտեսում իր իրականութեան, եւ անոր հետ մնացեալ բոլոր նախաձեռնութիւնները, բոլոր յայտարարութիւնները, դիտուեցան որպէս, մեղմ ըսուած, «աչքի փոշի»: Եւ այս իրողութեան խորքային պատճառը Հայաստանի մէջ ստեղծուած հասարակարգի կառուցային պայմաններն են:
Ահա թէ ինչո՛ւ կը կարեւորուի ՀՅ Դաշնակցութեան հայաստանեան գործունէութիւնը՝ արմատական բարեփոխութիւններ մտցնելու պետական ազգային եւ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութիւններուն մէջ: Միայն այդ բարեփոխութիւնները կրնան փոխել Հայաստանի մէջ հասարակարգը, ուղի հարթել սոցիալական արդարութեան, եւ, արդիւնքով, վերակենդանացնել Սփիւռքի հայրենադարձական յոյսերը: Միայն այս ձեւով ճիշդ ուղիի վրայ կը դրուին Սփիւռքի ինքանակազմակերպման անհրաժեշտ ճիգերը որպէս վախճանական նպատակ ունենալով՝ Դէպի Երկիր: