ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային պահեստը կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս-Սեպտեմբեր եռամսեայի ընթացքին, ամերիկացիներուն հարստութիւնը միջին հաշուով 2.2 տոկոսի աճ արձանագրած է, յատկապէս՝ սակարաններու շուկային արձանագրած աճին շնորհիւ: Նախորդ եռամսեակին, ամերիկացիներուն հարստութիւնը 2.6 առ հարիւրով նահանջ արձանագրած էր: Նաեւ Յուլիս-Սեպտեմբեր եռամսեային, բնակարաններու գիները 3.7 տոկոսի անկում կրած են:
Ամերիկացիներուն հարստութիւնը պէտք է 20 տոկոսով եւս աճի՝ հասնելու համար տնտեսական ճգնաժամի նախօրեակի մակարդակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.