
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնած է, թէ Թուրքիա «գոհ է, որ այսպէս կոչուած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը չներառուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին վրայ։ Յետայսու, հարկ է Միացեալ Նահանգներու յարաբերութեանց մէջ դրական դիւանագիտութեան հետեւինք։ Պատմաբանները, եւ ոչ թէ քաղաքագէտները պէտք է պատմական դէպքերով զբաղին։ Ուստի չենք ուզեր, որ պատմական դէպքերը քաղաքականութեան գործիք դառնան»։ Տաւութօղլու այս հարցով դրական կեցուածք արտայայտելնուն համար շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան յայտնեց, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւը քուէարկութեան չդնելու Ներկայացուցիչներու տան որոշումը խնդրայարոյց հարցի մը շուրջ ճիշդ որոշում մըն էր։ Թան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ամերիկացի բարեկամներուն եւ ամերիկայի թուրք համայնքին՝ իրենց տարած աշխատանքին համար։ «Ուրախ եմ, որ ողջամտութիւնն ու տրամաբանութիւնը յաղթանակ արձանագրեցին», ըսաւ Թուրքիոյ դեսպանը։
«Ապագային, հարկ է մեր ջանքերը կեդրոնացնել երկարատեւ եւ ժամանակի քննութեան դիմացած թուրք-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման վրայ», աւելցուց Թան։
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, թիւ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստի օրակարգին մէջ 252 բանաձեւին ներառումը կասեցուած է հանրապետական Ճան Պէյնըրի ջանքերով։ Օրաթերթը կը նշէ, թէ Պէյնըր, որ յաջորդ Քոնկրեսին մէջ պիտի ստանձնէ Ներկայացուցիչներու տան ղեկը, իր ամբողջ հնարաւորութիւններով Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ պայքար տարած է: Անոր մէկ խորհրդականը «Հիւրրիյէթ»ին հաստատած է, թէ հանրապետականները իրենց կարելին ըրած են Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը կանխարգիլելու համար։ Ըստ անոր, Ներկայացուցիչներու տան Չորեքշաբթի օրուան նիստին, Ցեղասպանութեան բանաձեւին առնչութեամբ բոլոր հանրապետականներուն պատգամ ուղարկուած էր։
Նաեւ, «Անատոլու» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողքին, նախագահ Ապտուլլա Կիւլ եւս նամակ մը յղած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ անոր կոչ ուղղելով կանխարգիլելու թիւ 252 բանաձեւի որդեգրումը։
Կիւլ իր նամակին մէջ նշած է, թէ Օպամա այն ղեկավարն է, որ լաւապէս գիտէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, եւ ընդգծած է, թէ Անգարա կ՛ակնկալէ, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները հայկական բանաձեւի գերին չդառնան։
«Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ապագայով մտահոգուելու տեսանկիւնէն մեկնած՝ հայկական բանաձեւը Քոնկրեսի օրակարգ բերելու նախաձեռնութիւններուն անհանգստութեամբ կը հետեւինք», գրած է Կիւլ։
Իր կարգին, թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ. «Վերջին քանի մը շաբաթներուն, իմ որոշ գործընկերներս եւ ես ներգրաւուած էինք Ներկայացուցիչներու տան մէջ թիւ 252 Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քուէարկութեան հարցին։ Մենք կը կարծէինք, թէ Թուրքիոյ՝ Իրանի հետ ամրապնդուող դաշինքը, անոր կողմէ «Համաս»ի աջակցութիւնը եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու կեղծ խոստումը վերջ պիտի դնեն Ցեղասպանութեան ժխտման խայտառակ քարոզարշաւին»։ Ան յուսախաբութիւն կը յայտնէ, թէ Քոնկրեսը արգելափակեց որոշում մը, որ կը վերաբերի շուրջ 1.5 միլիոն հայերու, որոնք սպաննուեցան 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին։ «Ես գիտեմ, որ իմ զգացումներս աննշան են այն ցաւին համեմատ, զոր կը զգայ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքը։ Ես իմ հազարաւոր ընտրողներուն ու բարեկամ հայերուն կը խոստանամ, որ պիտի պնդեմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ, որպէսզի յիշատակը այն մարդոց, որոնք 1915-1923ին զոհուած են, ընդմիշտ պահպանուի ամերիկացիներու ազգային գիտակցութեան մէջ», նշած է Շիֆ։
Նիստի փակումէն ետք, թրքական լրատու բոլոր գործակալութիւններն ու հեռատեսիլի կայանները հաղորդեցին, թէ հայկական բանաձեւի քուէարկութիւնը ձախողեցաւ եւ ողջմտութիւնը յաղթանակեց։ Ըստ լրատու կայաններու, Փելոսի նախընտրեց դիւանագիտական պայքարի մէջ չմտնել Թուրքիոյ հետ, որ Ամերիկայի համար ռազմավարական դաշնակից երկիր է։
Միջազգային մամուլը պնդեց, թէ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեծ ճիգ թափեց այս ուղղութեամբ, եւ առնուազն մէկ տարուան համար, առկախեց այս բանաձեւին քննարկումը։