ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Նարինէ Դադայեանի, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը 2011 տարին կը դիմաւորէ մեծ շուքով։ Տեղի պիտի ունենան ամանորեայ ձեռնարկներ, նուէրներու բաշխում, հրավառութիւն, համերգներ եւ այլն: Դեկտեմբեր 31ի առաւօտեան պիտի սկսի ամանորեայ մշակութային տօնակատարութիւնը, Ձմեռ պապիկն ու Ձիւնանուշը պիտի շրջին ամբողջ քաղաքին մէջ եւ երեխաներուն նուէրներ պիտի բաժնեն:
«Այդ օրը շատ իւրայատուկ է լինելու: Այս տարի լուսային ու տեխնիկական նոր էֆեքթներ են աւելացուել, եւ ամէն ինչ աւելի գունեղ, հեքիաթային կը ստացուի: Արել ենք հնարաւորը, որ տօնն ուրախ անցնի», յայտնած է Ն. Դադայեան:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 17ին, Ստեփանակերտի մէջ մեծ հանդիսութեամբ տեղադրուած է նաեւ գլխաւոր տօնածառը, որ իր լոյսերով ու խաղալիքներու առատութեամբ կը գերազանցէ նախորդները: Նարինէ Դադայեանի տեղեկութիւններով, Դեկտեմբեր 31ի երեկոյեան պիտի սկսի տօնական համերգը՝ մայրաքաղաքի երաժիշտ-կատարողներու մասնակցութեամբ: Համերգին պիտի յաջորդէ շքեղ հրավառութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.