ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակի տօնակատարութիւնները կ՛աւարտին վաղը: Հանդիսաւոր պահերը ետին թողած՝ պէտք է արդէն անցնինք գործի՝ ընթացքի մէջ եղող ծրագիրները շարունակելով եւ նոր աշխատանքներու սկսելով:
120ամեակը անցաւ, ու կը սկսի կազմակերպական նոր տարին, որ կրնայ պարզապէս դառնալ հերթական յաջորդ ժամանակահատուած մը, պարզապէս շարունակութիւն մը՝ մեր առօրեային, եւ ազգային-քաղաքական օրակարգերու հետապնդման յաջորդ հանգրուան:
Նոր շրջանը կրնայ նաեւ դառնալ անկիւնադարձային. քաղաքական ու հասարակական մեր իրականութիւնը նոր բարձունքի մը հասցնելու մեր վճռականութենէն ու մեր յանձնառութեան ոգիի ուժէն կախեալ է յաջորդող օրերն ու ամիսները անօրինակ եռանդի դրսեւորման ժամանակաշրջանի վերածելու հնարաւորութիւնը:
Ոգեւորութիւնը պարզ պայմանաւորուածութիւններով չէ որ կը ստեղծուի: Ճգնաժամ, կամ ազգի ու հայրենիքի օրհասական վիճակ. նման պայմաններ բնականօրէն մեզ կը մղեն առաւելագոյն լարուածութեամբ աշխատելու, ուզենք թէ չուզենք: Նոր շրջանի սկիզբը այդպէս չի դրուիր: Նման պայմաններու տակ, ժամանակի յորձանուտին մէջ բռնուածի բնազդն է, որ միայն կը գործէ:
Մեր հռետորական զինանոցին մէջ կան սովորական դժուարութիւնները ճգնաժամերու հանդերձանքով ահագնացուած ներկայացնելու ճամբաներն ու միջոցները: Անոնց դիմելու փորձութենէն հեռանալով՝ պէտք է գտնենք ձեւը նոր եռանդով ու ոգիով ներշնչուելու ու նոյնպէս մեր շրջապատը ներշնչելու համար:
Դիւրին գործ չէ ատիկա: Անկարելի ալ չէ: Վերջապէս նոր տարուան ու նոր տասնամեակի մը շեմին կանգնած ենք, ու նոր ծրագիրներ յղանալու տենդով վառուած՝ նոր շրջան կերտելու յանձնառութեան տէրը պէտք է ըլլանք: