ՊԱՔՈՒ.- «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Զիաֆեթ Ասքերով յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի ամբողջ տնտեսութիւնը, յատկապէս՝ արդիւնաբերական ոլորտը, պէտք է կեդրոնացնել ռազմական մարզին վրայ։
«Մինչեւ այսօր Ատրպէյճան շատ մեծ համբերութիւն ցուցաբերած է։ Միջազգային հանրութիւնը եւս տեսած է, որ Ատրպէյճան խաղաղութեան կողմնակից է։ Սակայն միջազգային իրաւունքը Ատրպէյճանին կարելիութիւն կու տայ որեւէ եղանակով հողերը վերադարձնելու։ Ատիկա մեր իրաւունքն է, եւ մենք կը պահպանենք այդ իրաւունքը», ըսած է ան։
Ասքերով մեղադրած է միջազգային հանրութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները, Հայաստանի վրայ բաւարար ճնշում չբանեցնելու համար։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է պատերազմ ակնկալել՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի առաջին փոխնախագահը ըսած է. «Դուք այդ մասին կը գիտնաք մօտիկ ապագային»։