ԴՈԿՏ. ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Ժողովուրդներ կան, որոնց ճակատագիրը իրենց ծնունդէն առաջ կանխորոշուած է եւ անոնք դատապարտուած են ենթարկուելու այդ ճակատագրի պայմաններուն:
Անոնցմէ մէկը հայ ժողովուրդն է:

Հայը որքան ալ փորձէ ինքը որոշել իր ապագայ կեանքը, ոչինչ կրնայ փոխել ճակատագրի որոշումներէն: Յետադարձ ակնարկով մը կրնանք փաստել այս վարկածը, եթէ պէտք ըլլայ:
Արքայից Արքայ Մեծն Տիգրանէն ետք, Հայաստան թագաւորութիւն չունեցաւ, մինչեւ իրերայաջորդ Կիլիկեան փոքր թագաւորութիւնները, երբ անոնք ալ դադրեցան ԺԴ. դարուն, Սելճուկեան արշաւանքներուն պատճառաւ: Սոյն թուականէն ետք պատմութիւնը գիտենք բոլորս ալ: Հայ ժողովուրդը, որբացած երախայի մը պէս, «որդեգրուեցաւ» ժամանակի մեզի ծանօթ «բարեհոգի» մեծ պետութիւններուն կողմէ: Մինչեւ այն օրը, երբ հայ երիտասարդ մտաւորականներու ջանքերով կազմուեցան յեղափոխականներու խումբեր, աջակցութեամբ հայ պարզ գիւղացիին եւ քաղաքացիին: Բաժակը յորդած էր այլեւս: Հայ ժողովուրդը մերժեց ստրկութիւնը եւ նախընտրեց մեռնիլ, քան ստրուկ մնալ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ՄԱՀ:
Ուրեմն, այդ բոլոր խմբաւորումներէն ամէնէն ակնառուն, որ Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնն էր, հիմնուեցաւ պաշտօնապէս 1890ի Մայիսին, թէեւ կան նաեւ տարբեր թուականներ:
Բոլորս ալ վեր ի վարոյ գիտենք այս բոլորը: Բայց, աւելի մանրամասնութիւններու ծանօթանալու համար, ձեռքս առի ՀՅԴ Ալպոմ-Ատլասը, եւ մխրճուեցայ անոր մէջ: Երկար ատեն մնացի այդտեղ. չէի ուզեր մէկ կողմ դնել: Հպարտութենէ ուռած կուրծքով, երբեմն արցունքը աչքիս, վկայ եղայ այն սխրագործութիւններուն, որոնք կաթիլ առ կաթիլ յանգեցան մեծագոյն սխրագործութեան, Հայաստանի անկախութեան: Մանրամասնութիւններու մէջ առանց մտնելու, նկատի ունենանք միայն արդիւնքը, որ եկաւ վերահաստատելու հայուն արժանապատուութիւնը, վեց դարերու ստրկութենէ ետք:
Գեղատեսիլ եւ պատկերազարդ ալպոմին առաջին հատորը կը տարածուի 1890էն մինչեւ 1914: Սոյն թուականէն սկսեալ, ալպոմը կարդալով եւ պատկերները դիտելով, կ՛անդրադառնանք որ, հակառակ մեր կարծիքին, մենք պետութիւն ունեցած ենք, սկսեալ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններէն, անցնելով քաղաքապետութիւններէն մինչեւ գիւղապետութիւններ, թաղապետութիւններ, ոստիկանութիւն, եւայլն: Այդ պետութիւնը կը կոչուէր եւ ցարդ կը կոչուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:

Առաջին հատորը (Դիւցազնամարտ) կը պարփակէ հարիւրաւոր նկարներ եւ քարտէսներ: Այս վերջինները կը ներկայացնեն իւրաքանչիւր արշաւանքի քարտէսը, որ ցոյց կու տայ զինատար խումբերու եւ մարտիկներու բռնած ճամբան: Մարդ կը տարուի մտածելու, որ այդ դաժան օրերուն, ո՞վ կրնար այդքան բծախնդիր յիշել բոլոր անցուդարձերը եւ մանաւանդ արձանագրել զանոնք, երբ անդին տասնեակներով երիտասարդներ կը կորսնցնէին իրենց կեանքերը ի սէր հայութեան ազատութեան:
Ո՞վ զբաղած էր բոլոր այդ մարտիկներու լուսանկարներով, պատմութեան յանձնելու համար զանոնք իրենց կենսագրութիւններով, յաւերժացնելու եւ մեզի ցոյց տալու համար անոնց խրոխտ դէմքերը, որոնց նայուածքներն անգամ սարսափազդու կրնային ըլլալ թուրք եւ քիւրտ հրոսակներուն:
Կը յիշուին զինանոցներ, զինատար կամ զէնք փոխադրող խումբեր, կը յիշուին նաեւ տասնեօթը հոգեւորականներ իրենց լուսանկարներով, իսկ ութ հոգեւորականներու անունները՝ առանց լուսանկարի: Տակաւին կը յիշուին տասներկու յեղափոխական գործին նպաստող վանքեր, դարձեալ լուսանկարներով: Լուսանկարներով կ՛երեւին տասնվեց յեղափոխական հայուհիներ, իսկ միայն անուններով՝ եօթը հայուհիներ:
Հազար ութ հարիւր իննսունին (1890) կը հրատարակուի դաշնակցութիւն կուսակցութեան ԴՐՕՇԱԿ պաշտօնաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ այսօր: Իսկ, Ֆրանսերէնով հրատարակուող PRO AR-MENIA-ն լոյս տեսած է հազար ինը հարիւրէն մինչեւ հազար ինը հարիւր ութ: (1900-1908):
Այս կուսակցական պետութիւնը ունէր նաեւ իր սահմանադրութիւնը, որ «կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրն» էր: Առաջին ծրագիրը, որ պատրաստուած էր 1892ին, վերամշակուեցաւ 1907ին: Նկատի ունէին ԹՐՔԱՀԱՅԱՏԱՆԸ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ, որոնց խորագիրն է պահանջներ երկու երկիրներուն համար»: Հանրապետութեան երկու հողամասերը իրենք կը կոչէին երկու երկիրներ:

Դաշնակցականի ուխտը, զինանշանը, ուխտը, Դաշնակցութեան մանիֆեստը (հանգանակը), կը գտնենք առաջին հատորի էջ 11ին վրայ: Իսկ Հայոց նոր ասպետութիւնը խորագրով, Խրիմեան Հայրիկ հետեւեալ կոչը գրած է.
«Ելէք, ելէք ժողովուրդ հայոց, արձանագրուեցէք հայկական նոր ասպետութեան, թեւ թիկունք տուէք անոր, զի խաչին եւ մաճին հետ՝ փրկարար է նաեւ ասպետին սուրը:» (Ալպոմը նաեւ կը բացատրէ զինանշանին խորհուրդը). «Հայ Յեղափոխութեան կարմիր դրօշն է սա, զոր բարձր կը պահէ հայ ժողովուրդի անյողդողդ կամքի եւ միասնութեան խորհրդանիշ Դաշնակցութիւնը (բռունցքը), որ ի մի է բերած աշխատաւորութիւնը (բահը), մտաւորականութիւնը (փետուր-գրիչը) եւ զինուորութիւնը (սուրը)»:
Լրիւ էջ մը յատկացուած է ԿԱՐՄԻՐ ԿՆԻՔին: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Բիւրոներուն կողմէ կուսակցական մարմիններուն տրուած կարմիր կնիքը, որ կը գործածուէր որոշումներ, հրահանգներ, վճիռներ փոխանցող պաշտօնական գրութիւններու տակ: Շատ մը ֆետայիներու համար կարմիր կնիքը գերագոյն հեղինակութիւնն էր:
1907ին, լոյս կը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան 41 կէտերէ վերամշակուած ծրագիրը, վերոյիշեալ երկու երկիրներուն համար, որոնցմէ քանի մը հատը կը յիշեմ այստեղ:
12. Ազատութիւն խօսքի, մամուլի, խղճի, ժողովներու, միութիւններու եւ գործադուլներու:
13. Եկեղեցիի բաժանումը պետութենէն: Կրօնքը անհատական խղճի գործ է:
14. Ազգերու ինքնորոշման իրաւունք: Կատարեալ հաւասարութիւն բոլոր ազգերու եւ կրօնական համայնքներու: Ոչնչացում դասակարգային բոլոր առանձնաշնորհումներուն:
Եւայլն. բոլորն ալ մարդու իրաւունքներու ապահովման վերաբերող:
1946/47 ին էր, որ հասկցայ թէ հայրս ազգային ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանէր: Հայաստան ներգաղթի օրեր էին: Այն ժամանակ, տակաւին Հալէպ (Սուրիա) կ՛ապրէինք: Ներգաղթի լուրը ռումբի մը պէս պայթեր էր: Մարդիկ ուրախութեամբ զիրար կը շնորհաւորէին: Ես տակաւին պատանի ալ չէի. չէի հասկնար թէ ի՞նչ կ՛անցնէր կը դառնար: Մինչեւ որ մարդիկ սկսան «պոլշեւիկ»ի եւ «դաշնակցական»ի մասին խօսիլ: Այն ատեն քիչ թէ շատ հասկցայ, որ մենք դաշնակցական ենք եւ դիմացի մեր դրացիները «պոլշեւիկ» (համայնավար): Այդ օրերուն այս վերջինները իրենք զիրենք կը կոչէին «հայրենասէր» եւ «յառաջդիմական», իսկ մեզ՝ «հայրենիքի դաւաճան» եւ «յետադիմական»:
Ներգաղթի կազմակերպիչները Սուրիոյ մէջ Հայաստանէն առաքուած պատուիրակներ էին:
Միջոցին, հայրս շատ խանդավառ կը պատրաստուէր իր անունը արձանագրելու, որպէսզի Հայաստան գաղթենք բոլոր հայերուն պէս: Ան կը յուսար հիւսուածեղէնի իր գործարանը փոխադրել հայրենիք՝ օգտակար դառնալու համար իր երկրին: Հասկնալով հօրս մտադրութիւնը, պատուիրակներէն մէկը կը մօտենայ իրեն եւ ականջին կը փսփսայ. «Պարոն Որբերեան. գիտցէք որ Հայաստանի մէջ դուք չէք կրնար գործատէրը ըլլալ. առաւելագոյնը ձեզ կը նշանակեն գործարանին վերահսկիչը: Լաւ կ՛ըլլայ եթէ մէկ տարի եւս սպասէք»: Այսու ամենայնիւ, պարոն Որբերեան չի յուսահատիր եւ կ՛ամբողջացնէ դիմումնագիրը: Այս անգամ պատուիրակը կը հրահանգէ, որ դիմումնագրին վրայ հայրս գրէ. «Զզուանքով կը հրաժարիմ Հայ ՅեղափոխականԴաշնակցութենէն»: Հայրս յուսախաբ կը վերադառնայ տուն: Կարծես սուգի տուն ըլլար: Բոլոր մեծերը կու լային. կարծես աքսոր պիտի ելլէին:
Այս բոլորը անշուշտ ես չէի կրնար յիշել. մայրս յետոյ փոխանցեց ինծի: Եւ այդ խօսքերը խարանի պէս դրոշմուեցան ուղեղիս վրայ: Հայրս ինքզինք եւ մեզ մխիթարելու համար ըսաւ: «Հոգ մի ընէք: Հիմա մենք Հայաստան չենք կրնար երթալ. վաղը Հայաստանը մեր քով կու գայ:» Յետադարձ ակնարկով մը կը մտածեմ թէ հայրս մարգարէացա՞ւ արդեօք: Ուրիշ ելք չէր գտած, կարծեմ: Այս բոլորը՝ միջանկեալ:
Միջոցին, դպրոցը մեզի կը սորվեցնէին մեր հայրենիքի նոր քայլերգը՝ «Սովետական Ազատ աշխարհ Հայաստան»ը, Արամ Խաչատուրեանի դաշնաւորումով: Առաւել, քանի մը այլ երգեր, որոնցմէ էին «Տրակտորիստ տղան» եւ «Հէյ ջան Երեւանը»: Մինչեւ այսօր բառ առ բառ կը յիշեմ այս երգերը, եղանակներով միասին : Վստահ եմ որ իմ տարեկիցներս իրենք եւս անպայման պիտի յիշեն այս երգերը: Այնքան կարօտ ունէինք «Հայաստան» բառը լսելու, որ մեզի այլեւս տարբերութիւն չէր ըներ, թէ անիկա սովետակա՞ ն էր թէ՝ արաբական, գէթ այդ տարիքին:

Նոյն օրերուն, մայրս ինծի եւ քոյրերուս մէկական մետաքսէ եռագոյն հագուստ կարեց, եւ մենք մեր «պոլշեւիկ» դրացիներուն առջեւէն հպարտօրէն կը տողանցէինք: Հիմա կ՛անդրադառնամ, որ անոնք, մեզի ժպտելով հանդերձ, իրենց քիթին տակէն կը խնդային մեր վրայ:
Քիչ մը վերը կ՛ըսէի թէ զարմանքով կը հիանայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ալպոմին վրայ եւ մտքովս «ապրիք» մը կ՛ըսէի խմբագիրներուն, որոնցմէ երկուքը ընկերուհիս եւ իր կողակիցն էին:
Շարունակելով մեր պտոյտը ալպոմին էջերուն վրայ, աւելի հասուն տարիքիս մտածեցի թէ ի՞նչ մանկունակ արարք էր մեր ըրածը: Բայց այդ օրերուն, մեր ըրածը հերոսութեան համազօր էր: Այդպէս կը զգայինք նաեւ երբ մեր սկաուտական տարազները կը հագնէինք, ցուցադրելով մեր թեւերուն նշանները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իմաստ մը ունէր. պարտաճանաչ սկաուտ, երբեք ուշացած չըլլալու վարձատրութիւն, խոհանոցի մէջ անփոխարինելի ըլլալու պատիւ, եւն.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է Պարսկական Յեղափոխութեան (1908-1912): Գործողութեան ժամանակ, արշաւանքի ատեն, կը տեսնենք Եփրեմ Խանի լուսանկարը, հայկական խումբին ղեկավարը, հպարտօրէն իր սպիտակ ձիուն վրայ նստած (Էջ 199):
Օսմանեան սահմանադրութեան ժամանակին մասին խօսելով, կը տեսնենք հայ մտաւորականներու հետեւեալ լուսանկարները.
– Օսմանեան Խորհրդարանի դաշնակցական անդամներ (էջ 204)
– Oսմանեան սահմանադրութեան շրջան (1908-1014)
(Կ. Պոլիս աշխատող գործիչներ, Հայկական գաւառները հաստատուած գործիչներ)
Այս մտաւորականներուն մէջ կը տեսնենք Է. Ակնունի, Ռուբէն Զարդարեան, Սիամանթo, Գարեգին Խաժակ, Սիմոն Զաւարեան, Ռոստոմ, Սեբաստացի Մուրատ, Արամ Մանուկեան, Դանիէլ Վարուժան, անձնուէր խիզախ Ֆետայիներու կողքին:
– ԴՐՕՇԱԿ պաշտօնաթերթի հիմնադիրներ եւ աշխատակիցներ
– Անուանի մտաւորականեր, խմբագիրներ եւ աշխատակիցներ PRO ARMENIA-ի, որոնց կարգին՝ Ժորժ Քլեմանսo, Ժան Ժորես, եւն.
– Ընտանեկան պատկերներ
– Ահաբեկիչներ
– Տասնեւհինգ հայուհիներ
– Անանուն հերոսներ
Ալպոմին երկրորդ հատորը (Գոյամարտ) կը սկսի խօսելով հայկական բարենորոգումներու հարցին, եւ բարենորոգումներու հարցով զբաղուած մարմիններու անդամ դաշնակցական եւ այլ գործիչներուն մասին՝ որոնց մեծ մասը բոլորիս ծանօթ մտաւորականներ են: Նոյն էջերուն մէջ ներառուած է նաեւ Արեմտեան Հայաստանի հետեւեալ վեց նահանգներու քարտէսը.
Սեբաստիա եւ Խարբերդ
Տիգրանակերտ եւ Վասպուրական
Պիթլիս եւ Էրզրում (1914):
Շարունակաբար կը ներկայացուին «Ազգային, կուսակցական խորհրդաժողովներ, համագումարներ (1914 – 1921)», «Հայ կամաւորական շարժումը (1914)», «Ռուս-թրքական պատերազմը», «Ռուս բանակի նահանջը», եւ ի վերջոյ «Մեծ Եղեռնը» (1915), որուն մէջ ներառուած են դաշնակցական զոհերու անուններն ու լուսանկարները, նաեւ քանի մը «ահաւոր տեսարաններ» ու նկարներ:
Այլեւս հայութեան բաժակը յորդած էր եւ կը սկսի հերոսամարտերու շարքը. Տարօն, Ատրպատական, Վասպուրական, Տրապիզոն, Շապին Գարահիսար, Սուէտիա (Մուսա Լեռ) եւ Սեբաստիա:
Յաջորդ 15 էջերուն վրայ կը տեսնենք «Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը» (1915-1916) եւ ապա «Արեւմտեան Հայաստանի կազմակերպումը»՝ նոյն թուականներուն:
1917ի Բոլշեւիկեան Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնէն ետք, հայութեան ղեկը ուղղութիւն կը փոխէ: Այս շրջանը կը սկսի «Հայ-թրքական Ա. պատերազմ»ով, 1918ի Յունուարին, որմէ ետք վեց էջերով կը ներկայացուին «Մայիսեան հերոսամարտերը» (1918): Եւ վերջապէս «ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» (1918 Մայիս – Դեկտեմբեր), ապա Հայաստանի հանրապետութիւնը (1918-1920) եւ ի վերջոյ «Հայկական պետութիւնը»: Նախ ցոյց կը տրուին առաջին չորս վարչապետները իրենց լուսանկարներով, ապա նախարարները եւ աւելի անդին՝ «Խորհրդարանի անդամները», թիւով 16, 9 զինուորականներ, Քաղաքային, նահանգային, գաւառական վարչութեանց ղեկավարներ, վարչական պաշտօնատարներ, ՀՀ այլազան պատուիրակութիւններ, Հայ Դատի վեց բարեկամներ որոնցմէ երկուքը՝ ամերիկայի նախագահներ (ներառեալ Ուուտրօ Ոիլսըն եւ Հըրպըրթ Հուվըր):
ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովը տեղի կ՛ունեայ, Երեւան (1919), Սեպտեմբեր 27 մինչեւ Հոկտեմբերի վերջը: Կը քննարկուի վերջին հնգամեակը: Կը խմբագրուին համապատասխան բանաձեւեր:
Վրայ կը հասնի 1920 Մայիսի բոլշեւիկեան ապստամբութիւնը:
Էջ 160ի վրայ կ՛երեւին Աւետիս Ահարոնեանի լուսանկարի կողքին Սեւրի Դաշնագրի Հայաստանի վերաբերեալ յօդուածները: Դիմացի էջը ամբողջութեամբ տրամադրուած է Հայաստանի քարտէսին՝ նախագահ Ուիլսընի սահմանագծումով: Կը յաջորդէ Հայաստանի խորհրդայնացումը՝ 1920ին: «Ղարաբաղի գոյամարտը» (1917 – 1920), որու ընթացքին հարիւրաւոր դաշնակցական մարտիկներ կը կռուին ու կը զոհուին ռազմաճակատի առաջին գիծերուն վրայ:
Յաջորդ տասը էջերուն վրայ կը տեսնենք Փետրուարեան Ապստամբութեան փառայեղ պատմութիւնը որով, սակայն, դժբախտաբար վերջ կը գտնէ Լեռնահայաստանի անկախութիւնը: Ապա, «Զանգեզուրի գոյութեան պայքարը» որ կը տեւէ 1918-1921, որուն մասին կարելի չէ խօսիլ առանց յիշելու Նժդեհի անունը:
Յաջորդ 15 էջերը տրամադրուած են Կիլիկիոյ դէպքերուն (1919- 1923): ՄԱՐԱՇ, ՀԱՃԸՆ, ԶԷՅԹՈՒՆ, ՈՒՐՖԱ, ՔԵՍԱՊ, ՏԷՕՐԹ-ԵՕԼ, ԱՅՆԹԱՊ:
Փառքի էջեր են Հայկական Նեմեսիսի պատմութիւնը ներկայացնող դէպքերը եւ զայն իրականացնող հերոսները՝ Սողոմոն Թէհլիրեան, Միսաք Թորլաքեան, Արամ Երկանեան, Արշաւիր Շիրակեան, Ստեփան Ծաղիկեան, Հրաչ Փափազեան, Շահան Նաթալի, եւ երկոտասնեակ մը ուրիշներու նկարները:
«Հայ Դատի Ուրացումը» գումարն է Լոնտոնի խորհրդաժողովին, Մոսկուայի դաշնագրին, Կարսի դաշնագրին, Լօզանի դաշնագրին, բոլորն ալ հայութեան աննպաստ (1921-1923), իսկ օտար երկինքներու տակ՝ Պուքրէշի խորհրդաժողովը, Ռիկայի բանակցութիւնները եւ Վիէննայի խորհրդաժողովը:
Սոյն շատ ամփոփ ակնարկը հազիւ թէ կարելի ըլլայ վերաքաղ կոչել, որովհետեւ այնքան պակասաւոր եւ թերի է: Կարելի է սակայն դասախօսութեան մը համար զանոնք իբրեւ յիշեցման կէտեր գործածել (power points):
Տակաւին կը յուսամ, որ այս յօդուածին ընթերցումը մեզի նախաճաշակ մը կու տայ եւ մեզ կը մղէ կարդալու ալպոմին երկու հատորները ամբողջութեամբ, որովհետեւ Դաշնակցութեան պատմութիւնը՝ պատմութիւնն է առաւելաբար սփիւռքահայ ժողովուրդին (1890-1925):
Մինչ մենք անհամբեր կը սպասենք երրորդ հատորին:
Լոս Անճելըս
Հոկտեմբեր 2010