ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«Մենք վառեցինք կրակը, որպէսզի հայրենի գեղերն ու քաղաքները անոր նայեն, որպէսզի տանջուողները, իրենց բռունցքները սեղմելով՝ դէպի հոն բարձրանան: Մենք վառեցինք կրակը, որպէսզի ազատութեան ճամբան լուսաւորենք»:
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

Հայ Յեղափոխութեան անմահ ռահվիրաներ՝ Միքայէլ Նալպանտեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Րաֆֆի, Խրիմեան Հայրիկ, Ռուբէն Զարդարեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան եւ ուրիշներ, հայ մայրերու տառապեալ այլապէս օրհնեալ արգանդներէն ծնունդ առած տաղանդաւոր մտաւորական գործիչներ, առ այդ, իբրեւ ականատես վկաները հայ ժողովուրդի ծով տառապանքին, հարստահարման եւ ընկերային անարդարութեանց հետեւանք թշուառ ու անմարդկային կեանքին, հակառակ ժամանակի տիրող վարչական աննպաստ պայմաններուն, հերոսաբար վառեցին ազատութեան ուղին լուսաւորող կրակը՝ խռովելու, ոգեցնցելու համար գերութեան տակ ճնշուած, ստրկացած հոգիները հայաշխարհի, շեփորեցին ազատութեան երգը բարձրագոչ՝ դարերու թմբիրէն արթնցնելու, հոգեփոխելու համար թուլացած, մարտունակութիւնը վաղուց կորսնցուցած հայ զանգուածը: Անշուշտ արձագանգը յուսահատական էր, սակայն ազգի ու հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ, առաքելատիպ մտաւորական-գործիչները, առանց յուսահատելու, աւելի ուժգին հնչեցուցին մարգարէաշունչ իրենց երգերը՝ թոյլ ու տկար իրենց հոգիներուն մէջ վերականգնելու համար հինաւուրց ցեղի մարդկային ու ազգային արժանապատուութիւնը: Փառք ու պատիւ հայ յեղափոխական գրականութեան տիտաններուն, որոնք անխոնջ երկնեցին ու երգեցին, գեղարուեստական գրականութեան միջոցաւ հայ հոգիներէ ներս մարած կրակը բորբոքեցին… արդի՞ւնքը. յուսադրող կայծեր նշմարուեցան դարերով լռութեան մատնուած զանգուածէն ներս: Կայծեր, որոնք կը ձգտէին դէպի ազատութեան ուղին լուսաւորող կրակը, զայն առաւել բոցավառելու եւ աւելի տեսանելի դարձնելու միտումով: Ի տես բոցավառուող կրակին, Հայոց աշխարհի չորս ծագերէն, հոգեփոխուած հայ մարդիկ «բռունցքները սեղմելով՝ դէպի բագին բարձրացան: Բագինէն ներս երեք մեծեր՝ առաքեալներ, ի տես դէպի լոյս ձգտող հոգիներու զարթնումին, հրճուեցան ու խորհուրդ ըրին» միասնաբար՝ «մահ կամ ազատութիւն» գոչելով, յամի Տեառն 1890 թուականին, հիմը դրին, ծնունդ տուին հայ ժողովուրդի ազգային ողնաշարը եղող կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ 120 տարիներէ ի վեր ողնաշարը ուղիղ պահած, հաւատարիմ իր արեւելումին եւ դաւանանքին, հայրենական եւ սփիւռքեան բազմաճիւղ գործունէութեան ծանրակշիռ եւ անփոխարինելի մատեանը շալակած՝ անշեղ ու հպարտ (ոչ գոռոզ) կը քալէ իբրեւ արթուն պահակ, հսկելով հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէ ներս, հարկ եղած պարագային՝ հակահարուած տալով նաեւ հայութեան դէմ ուղղուած նենգամիտ բանաւոր ու գրաւոր յարձակումներուն, ցեխարձակումներուն ու ոտնձգութիւններուն:
120 տարի մնալ պատնէշի վրայ, անընդմէջ, անխոնջ նուիրուիլ, մարտնչիլ հայ ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան գործին, անոր ֆիզիքական, հոգե-մտաւոր արժէքներու պահպանման ու ծաղկումին, գլխաւորել ազատագրական շարժումներ եւ զոհաբերել լաւագոյն զաւակները՝ ազգային վեհ իտիալներուն ի խնդիր, եւ տակաւին կանգուն, հաստատուն ու կենսունակ մնալ…
Գաղտնի՞քը. որովհետեւ ան ծնաւ անհրաժեշտ պայմաններէ՝ հայ ժողովուրդի տառապանքէն ու կարիքներէն. ծնած օրէն որդեգրեց ազգային քաղաքական իտէալը, այսինքն՝ հարազատ ժողովուրդի ճակատագիրի մտահոգութիւնը. ունեցաւ անձնուէր յաջորդական ղեկեվարութիւն, ինչպէս նաեւ նուիրեալ անձնազոհ շարքայիններ… Մարտիկներ, որոնք անշահախնդրօրէն ծառայեցին ոչ միայն կուսակցութեան առաջադրած ծրագիրներուն, այլեւ ազգի ու հայրենիքի յաւերժութիւնը ապահովելու կոչուած գոյապայքարներուն բերին իրենց ամենալայն բաժինը: Ի դէպ, ներկայ Հայաստանի հիմնաքարը եղող Առաջին հանրապետութեան ստեղծումը, գլխաւորաբար արդիւնքն էր դաշնակցական մարտիկներու, հրամանատար-զօրավարներու մարտնչումներուն, նաեւ դաշնակցական առաքելատիպ մտաւորականներուն, որոնք ի պահանջեալ հարկին, գրիչի տեղ զէնք կրեցին, դիմադրեցին: Ու երբ պարտադրուած Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին նման՝ ցաւը սրտին, Սփիւռք դարձաւ, Ցեղասպանութենէ ճողոպրած աղքատ ու անուս բազմութիւնները ազգի վերածելու նուիրական գործին լծուեցաւ՝ իր ստեղծած եկեղեցական, բարեսիրական, կրթական, մարզական եւ մարտական թեւերով միասին: Հայկական նորաստեղծ գաղութներէ ներս, կազմակերպչական-կառուցողական իր գործունէութեամբ, տիրական եղաւ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը, յատկապէս՝ իր մտաւորական, մշակութային, կրթական, հրատարակչական աշխոյժ գործունէութեամբ, որոնք դաշնակցութեան հովանաւորութեամբ հիմնեցին կրթօճախներ, ակումբներ, եկեղեցիներ՝ հոգեւոր սնունդ ջամբելու, եւ կիրթ, զարգացած, իր ազգային ու քաղաքացիական իրաւունքներուն, պարտականութուններուն եւ պարտաւորութիւններուն ծանօթ ու գիտակից գաղափարական սերունդներ պատրաստելու համար: Եւ այս բոլորը՝ ազգի ու հայրենիքի՝ Հայաստանի, յաւերժութեան ի խնդիր:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հմայքը, առինքնողութիւնը կը գոյանայ իր ազգային բնոյթին մէջ, ազգի գերագոյն շահերը ամէն բանէ վեր նկատելուն մէջ եւ ազգային իտէալներ իրագործելու հանգամանքին մէջ: Եթէ օր մը շեղի այդ նուիրական ուղիէն, հայ ժողովուրդը հիասթափուած կը լքէ զինք:
Հայ Յեղափոխութիւնը, ազգի ու հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան, եւ ընդհանրապէս ինքնապաշտպանութեան համար մղած իր պայքարներով, մարտնչումներով, հայրենասիրական իր լայնածաւալ գործունէութեամբ, խորապէս ազդած է պատանեկանէն դէպի երիտասարդութիւն ընթացող կեանքիս վրայ՝ իմ մէջ բորբոքելով հայրենասիրական-ազգասիրական այնպիսի զգացումներ, մտածումներ, որոնք գիտակցական իմ կեանքը հնարաւորելով՝ յանձնառու դարձուցած են վեհ գաղափարներու իրագործման ճանապարհին կաթիլ մը ձգելու:
120 տարիներու ընթացքին քանի՜-քանի՜ սերունդներ գիտակցօրէն հմայուած Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ՝ կեանքի գնոյ երդում ըրին, ոմանք գրիչով ու խաչով, ոմանք բահ ու բրիչով ու զէնքով, միեւնոյն նպատակին ծառայեցին, զոհուեցան: Փա՜ռք ու պատիւ Դաշնակցութեան հերոսական պատմութիւնը կերտող յայտնի ու անյայտ բոլոր նուիրեալներուն, զայն մեզի փոխանցող գրիչի ու խօսքի առաքեալներուն: Դաշնակցութեան պատմութիւնը, հայոց պատմութեան հետ ընդելուզուած նոյն ինքն հայ ժողովուրդի պատմութիւնն է. հարկ է գուրգուրալ, գնահատել այս կառոյցը, զօրացնել ու հզօրացնել զայն, որպէսզի ան կարողանայ շարունակել ազգային արմատներուն խորապէս ծանօթ, գիտակից ու մարտումակ սերունդներ պատրաստելու եւ հայթայթելու իր առաքելութիւնը. ի վերջոյ, տակաւին կը շարունակուի պայքարը. մէկ կողմէն՝ համաշխարհայնացման հարցը այնպէս կը թուի, թէ ազգայինը հնչեցնելը մեծագոյն մեղք է, յանցանք է, իսկ միւս կողմէ՝ Հայաստանի, Արցախի անհանդուրժող դրացիները: Հայ ժողովուրդը կ՛ակնկալէ որ Դաշնակցութիւնը աւելի ուժգին շեփորէ ազգային-հայրենասիրական եւ պահանջատիրական իր երգերը, խօսքը, պատգամը: Աւելի՛ ուժգին հնչեցնէ Արցախի հինաւուրց հայկական հող ըլլալու փաստը, եւ աւելի ուժգին տանի պայքարը Հայաստանէն ներս ընկերային անարդարութեանց դէմ, քանի որ արտագաղթը ոչ միայն տնտեսական իրավիճակի արդիւնքն է, այլ՝ անարդարութեան: Հայ մարդը, երբ իր սեփական հողին վրայ ապահով չի զգար, օտար ապահով երկիրներ կը փնտռէ: Ակներեւ է նաեւ հայ մշակոյթը նսեմացնելու ճիգը օտարամէտ հայերու, նաեւ ինչու չէ՝ համաշխարհայնացման հեղինակներու, մութի մէջ գործող պատուէր-առուներու կողմէ: Դաշնակցութենէն ակնկալիքները շա՜տ-շա՜տ են…
120 տարիներու երախտաշատ գործունէութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կրցած է կերտել պատկառելի կենսագրութիւն ու շահած հայ ժողովուրդին յարգանքը, սէրն ու վստահութիւնը: Ահաւասիկ այդ պատճառով է, որ ազգային լուրջ խնդիրներու լուծման համար, ան իր հայեացքը կ՛ուղղէ 120տարիներ առաջ, ազատութեան կրակը վառող ու զայն յաւիտենապէս վառ պահելու յանձնառու, հայ իրականութեան ամէնէն հայամէտ ու հայրենամէտ կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Այսօր, 120րդ պանծալի տարեդարձին առթիւ, իբրեւ Դաշնակցութեան 60 տարիներու գործունէութեան ականատես, իսկ մնացեալ 60ին՝ գիրքերու միջոցաւ իրազեկ գաղափարական հայուհի, երկիւղածութեամբ կը խոնարհիմ անոր սխրանքներով լի պատմութեան առաջ եւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ մեր ազգի մարտունակութիւնը վերականգնելու դժուարին գործին մէջ իր ունեցած մեծ դերակատարութեան համար: Այս առթիւ մաղթանքս է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, հայրենի պետութեան հետ միասին, անցեալի պատմութենէն ուսանելի դասեր վերցնելով՝ վառ ու բարձր պահէ ազատութեան, անկախութեան, արեան գնով շահուած ջահը. միասնաբար Արցախ Աշխարհը միացնեն Մայր հողին, եւ վերջապէս, միսնաբար հայ ժողովուրդը հասցնեն իր վախճանական նպատակին՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:
Հայ կեանքէն ներս լա՛ւ է որ կաս, Դաշնակցութի՛ւն: