ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցած տեղեկութիւններով, Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոցը գործելու պիտի սկսի 2011ի Դեկտեմբերին: Հիւանդանոցը կը կառուցուի քաղաքի գլխաւոր մուտքին մօտ, եւ տեսանելի է քաղաքի բոլոր կողմերէն: Անիկա նախատեսուած է 120 հոգիի համար:
Տեղական շինանիւթը օգտագործելու նպատակով, շէնքի արտաքին երեսպատումը կը կատարուի ղարաբաղեան մարմարով, իսկ ներքին յարդարումը իրականացնելու համար, կ՛օգտագործուին հիւանդանոցային շինարարութեան մէջ միջազգայնօրէն ընդունուած նիւթեր:
Մեծ ուշադրութեան արժանացած են բժշկական անձնակազմի տեղաշարժը եւ աշխատանքի յարմարաւէտութիւնը: Հիւանդանոցը պիտի ունենայ ներքին եւ արտաքին կանաչապատ բակեր:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի մոսկուայաբնակ բարերար Սամուէլ Կարապետեանի հովանաւորութեամբ։ Ծրագիրին ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 4 միլիոն 570 հազար դրամ: