ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ըստ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին, Նոյեմբեր 19ին Հադրութի զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած արիւնահեղութեան հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորական ծառայողներուն հարազատները փորձած են մուտք գործել Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցը, որպէսզի վրէժ լուծեն այնտեղ գտնուող 19ամեայ Մանուէլ Հազրոյեանէն:
Յիշեցնենք, որ վերոնշեալ արիւնալի միջադէպին հետեւանքով զոհուած էին 4, եւ վիրաւորուած այլ 4 զինուորներ, որոնցմէ մէկը՝ Մանուէլ Հազրոյեանը, մեղադրուած է իր ծառայակիցները սպաննելու յանցանքով: Հազրոյեանի ուղղուած մեղադրանքը փաստուելու պարագային, անոր կը սպառնայ ցմահ բանտարկութիւն:
Նշեալ թերթին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, մահացածներուն եւ վիրաւորներուն հարազատներուն ապատեղեկատուութիւն հասած է, թէ Երեւան գտնուող Սարգիս Մելքումեանը մահացած է զինուորական հիւանդանոցին մէջ: «Մելքումեանի եւ միւսների հարազատները հոսփիթալի (հիւանդանոց) մօտ զինուած «բունտ» են բարձրացրել եւ փորձել են մտնել Հազրոյեանի մօտ ու վրէժխնդիր լինել նրանից», պատմած է Հազրոյեանի փաստաբանան Արմէն Սիմոնեանը, աւելցնելով, որ անոնք չեն յաջողած, քանի որ մուտքը փակած էին ռազմական ոստիկանութեան աշխատակիցները: