ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միլլիյէ»չ եւ «Հիւրրիյէ»չ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին կը գրեն, թէ պելճիքական «Վէ.Ռէ.Թէ.» հեռատեսիլէն ցնցիչ խօսքեր արտասանուած են Թուրքիոյ դէմ։ Այդ կայանին կողմէ սփռուող խաղի մը ընթացքին, Պելճիքայի Նոր-ֆլամանական դաշինք անունով կուսակցութեան փոխնախագահ, ֆլամանական խորհրդարանի նախագահ Ժան Փիթըր Փաուման, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է աշխարհի ամենագարշելի ժողովուրդը՝ ըսած է. «Թուրքերը»: Միւս մասնակիցը զարմանքով հարցուցած է, թէ իրօ՞ք Փաուման չի գիտեր, որ հարցումին պատասխանը՝ «հրեաներն են» պէտք է ըլլայ, որուն Փաուման արձագանգած է ըսելով, թէ գիտէ, բայց համարձակութիւնը չէ ունեցած ատիկա ըսելու։ Գայթակղալից այս դէպքին արձագանցեց Պրիւքսելի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Էրսավճը, յայտնելով, որ թուրք հասարակութիւնը մտահոգ է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.