
Քանի մը օր առաջ աւարտեցաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի երրորդ այցելութիւնը Լոս Անճելըս: Ի տարբերութիւն նախորդ երկու այցերուն, անցեալ շաբաթ ան իբրեւ պետութեան ղեկավար ընդունելութեան արժանացաւ յայտնի քաղաքական գործիչներու կողմէ, հակառակ այն հանգամանքին, որ Արցախը պաշտօնապէս ճանչցուած պետութիւն չէ միջազգային հանրութեան կողմէ:
Նախագահ Սահակեան տասը օր շարունակ կը գտնուէր Քալիֆորնիա, Գոհաբանութեան օրը կայացող «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամէնամեայ հեռուստամարաթոնին կապակցութեամբ, որուն ընթացքին 20 միլիոն տոլարէ աւելի գումար հաւաքուեցաւ՝ ի նպաստ Արցախի գիւղերուն:
Տեղի հայկական համայնքը այցելելէն ու բարերարներու հետ հանդիպումներէն բացի, նախագահ Սահակեան ջերմօրէն ընդունուեցաւ Լոս Անճելըսի եւ Մոնթեպելլոյի քաղաքային խորհուրդներուն կողմէ: Անկէ խնդրուեցաւ ելոյթ ունենալ Օրենճ Քաունթիի միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին առջեւ, ապա նաեւ մասնակցեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարայկոսայի կողմէ իր պատիւին տրուած պաշտօնական ճաշին:
Նոյեմբերի 19ին, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը ընդունեց Արցախի նախագահ Բ. Սահակեանը, ապա անոր յանձնեց հռչակագիր մը՝ շեշտելով անոր յանձնառութիւնը Արցախի հանրապետութեան անկախութեան գործին մէջ: Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը ջերմօրէն ողջունեց նախագահը ըսելով. «Ինծի համար մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է ընդունիլ նախագահ Սահակեանը՝ ազատութեան, արդարութեան ու անկախութեան իսկական պաշտպանը: Ան մարտիկ է, որ մարտնչած եւ սեփական արիւնով վճարած է իր հայրենիքին ու հայրենակիցներուն ազատութեան ու անկախութեան գինը»: Լոս Անճելըսի մէջ նախագահ Սահակեան պաշտօնապէս ընդունուեցաւ քաղաքային խորհուրդի նախագահ Էրիք Կարսեթիի կողմէ: Նախագահ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհուրդի անդամներուն՝ նման բարձր ընդունելութեան համար, եւ զանոնք հրաւիրեց Արցախի հանրապետութիւն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ խորհուրդի քանի մը անդամներ: Քաղաքային խորհուրդի կեդրոնէն ներս, այս յատուկ արարողութեան ընթացքին, չափազանց յուզիչ էր Արցախի հանրապետութեան դրօշը առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու դրօշին կողքին տեսնելը:
Նոյն օրը երեկոյեան, նախագահ Սահակեան ելոյթ ունեցաւ Օրենճ Քաունթիի միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին դիմաց, իր պատիւին կազմակերպուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթին ընթացքին, Նիւփորթ Պիչի «Pacific Club»ին մէջ: Այս աննախադէպ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առանց որեւէ խոչընդոտի, հակառակ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Էլին Սուլէյմանովի, Միացեալ Նահանգներու ատրպեճանական ցանցի եւ քանի մը ատրպէյճանցի ու թուրք ցուցարարներու՝ զայն չեղեալ յայտարարելու պահանջներուն:
Արցախի նախագահին յաջորդ մեծարումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 22ին, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ուիլեըմ Մալինարիին եւ քաղաքային խորհուրդին կողմէ: Քաղաքապետը ողջունեց նախագահը եւ հռչակագիր մը յանձնեց անոր: Իր խօսքին մէջ, նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց քոյր քաղաքներ Մոնթեպելլոյի եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի բարեկամութեան համար: Այդ երեկոյ, Արցախի նախագահը մասնակցեցաւ նաեւ Հայկական կեդրոնին մէջ Մոնթեպելլոյի համայնքին կողմէ իր պատիւին կազմակերպուած երեկոյթին:
Յաջորդ օրը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարայկոսա, «Getty House»ին մէջ պաշտօնական ճաշ տուաւ՝ Արցախի հանրապետութեան նախագահին ի պատիւ, ինչ որ յատուկ մեծարում մըն է պետութիւններու ղեկավարներուն պաշտօնական այցերուն պարագային: Մինչ պաշտօնական ճաշը, քաղաքապետը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Սահակեանի հետ, ու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները Արցախի եւ Լոս Անճելըսի՝ Երեւանի քոյր-քաղաքին, միջեւ:
Նախագահ Սահակեան իր երախտագիտութեան խօսքին մէջ Լոս Անճելըսի քաղաքապետը հրաւիրեց Արցախ: Ճաշին կը մասնակցէին նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը, քաղաքային խորհուրդի նախագահ Էրիք Կարսեթի եւ հայ համայնքի ղեկավարներ:
Նոյեմբեր 25ին, քաղաքապետ Վիլարայկոսա, ազնիւ նախաձեռնութեամբ մը ելոյթ ունեցաւ Գոհաբանութեան օրուան «Հեռուստամարաթոն 2010»ի ուղիղ եթերէն՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն հեռուստամարաթոնին հետեւողներուն կոչ ուղղելով առատաձեռն նուիրատուութիւն կատարելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի՝ Արցախի 200 գիւղերը խմելու եւ ոռոգման ջուրով ապահովելու մարդասիրական ծրագիրին:
Արցախի նախագահը Նոյեմբեր 24ին հանդիպում ունեցաւ նաեւ խումբ մը երիտասարդ մասնագէտներու հետ, որոնք ստանձնած են Արցախը Լոս Անճելըսի մէջ ներկայացնող գրասենեակի մը բացման սատարելու պարտականութիւնը: Նախագահը բարձր գնահատեց խումբին նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ շուտով այդ մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի:
Ընդհանուր առմամբ, Արցախի նախագահին այցելութիւնը Քալիֆորնիա ջախջախիչ յաջողութիւն ունեցաւ, ոչ միայն Արցախի մարդասիրական կարիքներուն համար զգալի գումար հաւաքելով, այլեւ՝ Լոս Անճելըս եւ Մոնթեպելլօ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Օրենճ Քաունթիի միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին հետ քաղաքական արժէքաւոր կապեր հաստատելու տեսանկիւնէն, ատով իսկ ամրապնդելով միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու հեռանկարները:
Մինչ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը տարեկան հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը ծախսէ ազդու լոպիիստներու համար, որպէսզի անոնք Արցախի դէմ քարոզչութիւն իրականացնեն, Արցախի հանրապետութեան նախագահը Ամերիկայի հայկական համայնքին օգնութեամբ յաջողեցաւ արդիւնաւէտ կերպով հակազդել ատրպեճանական քարոզարշաւին, առանց մէկ տոլար իսկ ծախսելու:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր