ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իրաքի մէջ բնակող քրիստոնեաները սկսած են Թուրքիա գաղթելու, որովհետեւ կը հաւատան, թէ այլեւս իրենց համար ապահով կեանք չկայ Իրաքի մէջ։ Հոկտեմբեր 31ին, խումբ մը ահաբեկիչներ յարձակեցան Պաղտատի մէջ եկեղեցիի մը վրայ ու պատանդ առին եկեղեցւոյ մէջ գտնուող 120 հաւատացեալները, որոնցմէ 52ը սպաննուեցաւ: Այս սպանդը շատ լուրջ ազդարարութիւն մը նկատուեցաւ քրիստոնեաներուն նկատմամբ։ Ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթը կը գրէ, որ ամսուան սկիզբէն ի վեր, ամէն օր իրաքցի քրիստոնեաներ Թուրքիա կը գաղթեն։
Քլտանի համայնքի առաջնորդ հայր Ֆրանսուա Եաքան, միութիւն մը հիմնած է՝ Իրաքէն խոյս տուող քրիստոնեաները դիմաւորելու ու պատսպարելու համար։ Նաեւ անոնց կ՛օգնէ, որ երրորդ երկիր մը երթալու դիմումներ կատարեն:
Միշել անունով երիտասարդ մը, որ եկեղեցիին վրայ գործուած յարձակումէն մազապուրծ փրկուած էր, կ՛ըսէ, որ յաջորդ օրն իսկ իր յղի կինը իրեն հետ առնելով՝ ճամբայ ելած է, եւ հիւսիսային Իրաքի վրայով Պոլիս հասած: Իբրեւ ճանապարհածախս, ան 850 տոլար վճարած է, իսկ Թուրքիա մուտքի արտօնագիրին համար՝ 250 տոլար։
Քրիստոնեայ կին մը «Ֆիկարօ»ի աշխատակիցին պատմած է, որ քրիստոնեաները այլեւս փողոց ելլելէ իսկ կը վախնան։ «Մենք ահաբեկիչներուն թիրախը դարձանք, որովհետեւ տաբատ կը հագնինք ու մեր գլուխը չենք ծածկեր», ըսած է ան։
1991ի Ծոցի պատերազմի շրջանին, Իրաքի մէջ բնակող քրիստոնեաներուն թիւը մէկ միլիոն էր։ 2005ին, այդ թիւը իջած էր 800 հազարի. կը կարծուի, թէ անկէ ետք 300 հազար քրիստոնեաներ եւս երկիրը լքած են։ Իրաքի քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը ասորի է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.