ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 17ին լրագրողներու հետ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Զբօսաշրջութեան եւ տնտեսական զարգացման վարչութեան պետ Մեխակ Ապրէսեան յայտնած է, թէ Յունուար-Սեպտեմբեր երկարող ամիսներուն ընթացքին Հայաստան այցելած է 487.9 հազար զբօսաշրջիկ, որ 15.6 տոկոսով աւելի է քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը:
Ըստ վարչութեան պետին, մինչեւ տարեվերջ, կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը գերազանցէ 600 հազարը: Իսկ ըստ զբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգին, Հայաստանը 2030ին կ՛ունենայ մինչեւ 3 միլիոնի հասնող զբօսաշրջային այցելութիւն, թէեւ Մ. Ապրէսեանը համոզուած է, որ ներկայ վիճակի պահպանման պարագային, այդ մակարդակը կարելի է նուաճել շատ աւելի շուտ:
Ապրէսեան նաեւ նշած է, որ Հայաստան այցելողները մեծաւ մասամբ Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն են, շատ են այցելուները նաեւ Եւրոմիութենէն եւ Ամերիկայէն: Վերջին շրջանին յատկանշական թիւ են նաեւ Իրանէն եկողները, որոնց թիւը, ըստ Ապրէսեանի, այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն ընթացքին երկու անգամով աւելի էր քան նախորդ տարուան անոնց թիւը։
Մ. Ապրէսեանի տեղեկութիւններով, աշխուժացման փուլի մէջ կը գտնուի նաեւ համաշխարհային զբօսաշրջութիւնը, որուն շրջանակէն ներս, Յունուար-Օգոստոս ամիսներուն արձանագրուած է շուրջ 7 տոկոս աճ: Ամբողջ աշխարհին մէջ կ՛ակնկալուի զբօսաշրջութեան 5 տոկոս աճ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.