
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ կայանալիք հանդիպման ընթացքին պիտի քննէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը եւ կասպեան հանքավայրերէն ուժանիւթ փոխադրելու ուղիներու տարբերակները:
«Ես կ՛ենթադրեմ, որ Ալիեւի հետ Մետվետեւի հանդիպման գլխաւոր նիւթը, ի հարկէ, պիտի ըլլայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը», յայտնած է իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող ռուս պաշտօնատար մը:
Ռուսիոյ նախագահին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմող նշեալ պաշտօնատարը նաեւ յայտնած է, թէ Ռուսիոյ ղեկավարը Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի մերձկասպեան պետութիւններու երրորդ գերաստիճանին, որ Նոյեմբեր 18ին պիտի կայանայ Պաքուի մէջ:
Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի, Իրանի, Ղազախստանի եւ Թիւրքմենիստանի ղեկավարներու հանդիպման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Կասպից ծովու ապահովութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի հարցը: Նոյեմբեր 3-4ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մերձկասպեան հինգ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն տեղակալները նման համաձայնագիրի մը նախագիծը պատրաստած էին:
Կ՛ակնկալուի, որ Մետվետեւ շարք մը այլ հանդիպումներ ունենայ Պաքուի մէջ. արդէն իսկ դասաւորուած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ հանդիպում մը: