ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր մարմնակրթութեան պետական կոմիտէի աշխատակազմի պատասխանատուներէն Լեւոն Գասպարեան կը յայտնէ, թէ Նոյեմբեր 12-15ի ընթացքին, Ստեփանակերտի մէջ կ՛իրականանայ ԼՂՀ նարտի տղամարդոց առաջնութիւն, որուն կը մասնակցին երեքական մարզիկներ Արցախի բոլոր շրջաններէն, բացառութեամբ՝ Շահումեանի, իսկ Ստեփանակերտէն՝ հինգ մարզիկներ:
Առաջին երեք տեղերը գրաւած մարզիկները պատուոգիրներու եւ դրամական պարգեւներու պիտի արժանանան, Մարմնակրթութեան պետական կոմիտէին կողմէ: