
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Նոյեմբեր 9ին լրագրողներու հետ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին, գրականագէտ, չարենցագէտ Դաւիթ Գասպարեան յայտնած է, թէ մեծանուն հայ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի անտիպ աշխատանքները նախապէս հրապարակուած են, սակայն ամբողջութեամբ չեն համապատասխաներ բնօրինակին:
«Ընթացիկ տարուայ Սեպտեմբերին, ես ծանօթացայ Չարենցի ձեռագրերին, որոնք «Հարվըրտ»ի դասախօս Ճէյմզ Ռասսելը հրատարակել էր խեղաթիւրուած կերպով, մասնակիօրէն եւ կոպիտ սխալներով», ըսած է Դ. Գասպարեան, ըստ որուն, 1998ի Սեպտեմբերին, Երեւան ժամանած էր «Հարվըրտ» համալսարանի դասախօս Ճ. Ռասսելը, որ հանդիպած էր թարգմանիչ Արտաշէս Էմինի հետ: Վերջինս անոր ցոյց տուած էր Չարենցի ձեռագիրները, եւ Ռասսել որոշած էր հրատարակել զանոնք:
Գասպարեան նաեւ աւելցուցած է, թէ 2008ին, Չարենցի ձեռագիրներուն մէկ մասը, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը 6.5 միլիոն դրամով գնած է Արտաշէս Էմինէն, սակայն միւս մասը մնացած է Էմինին քով. վերջինս բոլոր ձեռագիրներուն համար պահանջած էր 8 միլիոն դրամ:
«Չարենցի աշխատանքների այն մասը, որին ես ծանօթ եմ, կազմուած է 262 էջից եւ 11 պօէմ է պարունակում, բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, այդ թւում նաեւ՝ էրոթիք բովանդակութեան: Ձեռագրերը հիմնականում դասւում են նախորդ դարի 35-37թթ.», ըսած է Գասպարեան՝ նշելով, որ հաւանաբար Չարենցի աշխատանքները հրատարակուին յաջորդ տարի:
«Պէտք է հրապարակել մեծ պօէտի ողջ ժառանգութիւնը, մինչեւ վերջին տողը», ըսած է Գասպարեան: