ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Յունանեանի տուած տեղեկութիւններով, առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գագիկ Սայադեան հրաժարած է իր պաշտօնէն ու ժամանակաւորապէս փոխարինուած է բժշկական վարչութեան պետ Վահան Պօղոսեանի կողմէ:
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Տիգրան Սարգիսեան անցեալ շաբաթ, կառավարութեան նիստի ընթացքին քննադատած էր առողջապահութեան նախարարութեան գործունէութիւնը: Վարչապետի քննադատութեան հետեւեցան առողջապահութեան երկու փոխ նախարարներու հրաժարականները: