ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հազուադէպ քայլով մը վեթոյի ենթարկեց անցեալ ամիս Ռուսիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած օրէնք մը, որ ընդդիմութեան ցոյցերուն դէմ յաւելեալ սահմանափակումներ կը հաստատէ։ Նոր օրէնքը վաւերացուած էր Հոկտեմբեր 22ին, ապա՝ Հոկտեմբեր 27ին, հաստատուած էր Դաշնակցային խորհուրդին կողմէ, ու ուժի մէջ մտնելու համար կարիքը ունէր միայն Մետվետեւի ստորագրութեան։ Փոփոխութիւնները պիտի արգիլէին, որ անցեալին ապօրինի ցոյցեր կազմակերպած անձեր ցոյց կատարելու դիմում ներկայացնեն։ Խորհրդարանի նախագահ Պորիս Կրիզլովին ուղղուած նամակի մը մէջ, Մետվետեւ գրած է. «Օրէնքը կը բովանդակէ կէտեր, որոնք կ՛արգելակեն հաւաքներ, ժողովներ, ցոյցեր եւ քայլարշաւներ կատարելու քաղաքացիներու սահմանադրական իրաւունքը»։ Օրէնքը վաւերացուած էր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ՝ վայելելով Ռուսիոյ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան զօրակցութիւնը։ Կուսակցութեան ղեկավարն է Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.