
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 9ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որմնանկարներու մասնագէտ իտալացի Ֆապրիցիօ Եակոբինի յայտնած է, թէ Մինաս Աւետիսեանի երկու՝ «Խաչքարի մօտ» եւ «Հանդիպում» որմնանկարներուն վերականգման ընթացքին, եղած են շատ դժուարութիւններ՝ կապուած հեղինակի կիրառած գիտարուեստին հետ, որ զգալիօրէն դժուարացուցած է որմնանկարներուն պատէն հանելու գործընթացը:
«Ինչ կը վերաբերի անոնց արտաքին տեսքին, ապա պէտք է նշեմ, որ վերականգնուած որմնանկարները ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն իրենց նախնական տեսքին: Շատ քիչ միջամտեցինք «Խաչքարի մօտ» որմնանկարի վերականգնման ժամանակ, բայց կորուստը իրականութեան մէջ այդքան ալ մեծ չէ եղած», հաւաստիացուցած է Եակոբինի:
Խօսելով հայ 4 վարպետներուն մասին, որոնք վերականգնման ամբողջ ընթացքին օգնեցին իրեն՝ իտալացի մասնագէտը ըսած է, որ անոնք արդէն վարպետութեան որոշ աստիճան ունին: «Վերականգնման գործը Իտալիոյ մէջ կ՛ուսանին 4 տարուան ընթացքին: Որմնանկարներու վերականգնումը գործարանի աշխատանք չէ», յայտնած է Եակոբինի՝ աւելցնելով, որ իր կողմէ ուսումնասիրուած Հայաստանի բոլոր որմնակարներն ալ վատ վիճակի մէջ են:
Մինաս Աւետիսեանի որդին՝ «Մինաս Աւետիսեան» հիմնադրամի նախագահ Արման Աւետիսեան, իր կարգին նշած է, թէ վերականգնման աշխատանքները կատարուած են փայլուն կերպով: «Կորուստներ պարզապէս չունենք: Ինչ վերաբերում է որմնանկարների այս կամ այն թափուած մասերին, ապա կորցուած մասերը երբեք չեն աւելացւում, այլապէս գործն օրիգինալ չի լինի», ըսած է Ա. Աւետիսեան: Նշենք, որ վերանորոգուած որմնանկարները երկու շաբաթ ետք պիտի տեղադրուին կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ: