ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Նոյեմբեր 8ին, Հանրային հեռատեսիլի «Իրական Քաղաքականութիւն» հաղորդաշարին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, անդրադառնալով ատրպէյճանցի զինուորի յուղարկաւորութեան ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած ռազմատենչ յայտարարութիւններուն՝ նշած է. «Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւնները մեզ համար նորութիւններ չեն: Աւելի լաւ կը լինէր, որ նրանք կարողանային վերահսկել իրենց ծառայութիւնն առաջին գծում, եւ այդպէս ինքնագլուխ որոշումներ ընդունած՝ «ոչ կայացած» այդ տիւերսանթները չթափանցէին մեր դիրքերը եւ չփորձէին ինչ որ տիւերսիոն-հետախուզական գործունէութիւն ծաւալել. ի հարկէ, նրանք իրենց արժանի հակահարուածն ստացել են… Մեզ համար տարօրինակ է, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնն ինչպէ՛ս է տեսնում այդ չկայացած տիվերսանթներին հերոսացնելուց յետոյ մեր միասնական, խաղաղ գոյատեւումը»:
Նախարար Օհանեան հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանի Զինուած ուժերը պիտի շարունակեն պարտադրել խաղաղութիւնը հակառակորդին, որպէսզի «այդպիսի յայտարարութիւնները մնան լոկ յայտարարութիւններ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.