Թրքական «Պիրկիւն» թերթին մէջ հրատարակուեցաւ թղթակցութիւն մը, ուր «Թարաֆ» թերթը կը մեղադրուի հայերու դէմ թշնամութիւն քարոզող ծանուցում մը հրատարակած ըլլալու յանցանքով: Հոն կ՛ըսուի, թէ «Թարաֆ» թերթը, որ «իբրեւ թէ ժողովրդավար ու պատերազմի դէմ դիրք գրաւող, հայերը պաշտպանող թերթ մըն է, չէ վարանած հրատարակելու հայերու դէմ այդ ծանուցումը»։
Ծանուցումը կը վերաբերի գիրքի մը, որուն անունն է՝ «Բացատրութիւններով իրական առածներ ու ասութիւններ»։ Ծանուցումին մէջ կը կարդացուին հակահայ տողեր, օրինակ՝ «Հայերը ինչպիսի՞ յերիւրածոյ առածներ ներմուծեցին թրքերէնի մէջ. ո՞ր թուականէն սկսեալ հայերը միջամտութիւններ ըրին Թուրքիոյ լեզուական կաճառին մէջ, եւ ինչպիսի՞ սարսափազդու քանդումներ ըրին թրքերէն լեզուէն ներս»։
«Պիրկիւն» թերթի թղթակիցը հարց կու տայ. «Այս ծանուցումը Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտէն աւելի ի՞նչ կրնայ տալ՝ յայտնի չէ. փափաքողը կրնայ գիրքը առնել ու կարդալ, բայց ահաւասիկ մամլոյ աշխատանքը ապակեղէն ծախելու աշխատանքէն տարբեր չըլլար: «Թարաֆ» մէկ կողմէ պիտի պաշտպանէ ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը, մէկ կողմէ ալ մինչեւ իսկ ամէնէն ցեղապաշտ բառարանին ծանուցումը ընելով՝ դրամ պիտի շահի։ Եւ մենք ալ պիտի հաւատանք այդ թերթին»։ Թղթակիցը տակաւին թափ կու տայ «Թարաֆ» թերթին դէմ իր հակազդեցութեան, ու կ՛ըսէ, որ պատրաստ է օգնելու, եթէ թերթը դրամի պէտք ունի, բայց միաժամանակ կոչ կ՛ընէ, որ հայերու ու ճնշուած բոլոր ժողովուրդներու բարեկամները իրենց ընդվզումը յայտնեն «Թարաֆ» թերթին։
«Չենք գիտեր, թէ «Թարաֆ» թերթը արժանի՞ է այսպիսի մեղադրանքի, երբ գիտենք, թէ այդ թերթին մէջ յաճախակի կերպով կը հրատարակուին հայանպաստ յօդուածներ», կը գրէ «Մարմարա»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.