ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1ին փակեց այն ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուած էր կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի կողմէ: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տանջանքները» ընդհանուր խորագիրին տակ, ցուցահանդէսը բազմաթիւ անհանգստացնող երգիծանկարներ ունէր: Կարգ մը յօդուածագիրներ պնդեցին, թէ ցուցահանդէսը դարձած էր իշխող կուսակցութիւնը նախատելու ու նուաստացնելու ձեռնարկ մը։
Պնդուեցաւ, որ ցուցահանդէսը կը փակուի, որովհետեւ Քըլըճտարօղլու իր դժգոհութիւնը յայտնած էր ցուցահանդէսի բովանդակութեան առնչութեամբ։ Իսկ կուսակցութեան բանբեր Հաքքը Սուհա Օքայ պատասխանեց, որ Քըլըճտարօղլու ցուցահանդէսի բովանդակութեան մասին գաղափար չունէր, երբ անոր բացումը կը կատարէին, ու պարզապէս կը կարծէին, որ իշխող կուսակցութեան թերացումներուն նուիրուած ցուցահանդէս մըն է անիկա։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր կուսակցութեան երիտասարդական թեւին կողմէ, որուն նախագահ Ումուտ Թունչ ըսաւ, որ չի բաժներ այն կարծիքը, թէ ցուցահանդէսին ծաղրանկարները նախատական բնոյթ ունին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.