ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահի կողմէ Հանրապետութեան տօնին գիշերը (Հոկտեմբեր 29) նախագահական պալատին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան ծանր արձագանգները կը շարունակուին։ Բուռն քննադատութեանց կ՛ենթարկուին բանակին հրամանատարները, որոնք մերժեցին ընթացք տալ այս ընդունելութեան հրաւէրին, ու բանակատեղիին մէջ այլ ընդունելութիւն մը կազմակերպեցին։
Երկուշաբթի օր, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդհանուր նախագահի տեղակալ Էօմեր Չելիք յիշեցուց, որ նախագահը, ըստ օրէնքի, երկրին գլխաւոր հրամանատարն է, ու նախագահին կողմէ կատարուած հրաւէրը իրականութեան մէջ հրահանգի համազօր է ու հրամանատարութեան ներքեւ գտնուողները պարտաւոր են հնազանդիլ հրահանգին։ «Իմ տեսակէտով, ընդունելութեան ներկայ գտնուիլը մերժելով՝ զինուորականները հրահանգի դէմ անհնազանդութիւն ցոյց տուած եղան», ըսաւ Չելիք։
Յայտնենք, թէ հրամանատարները այս հաւաքներուն չեն մասնակցիր՝ բողոքելով նախագահին ու վարչապետին կանանց լաչակ կրելու կեցուածքին դէմ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.