ՓԱՐԻԶ.- Արաբական «Էլ Ճազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին հեռարձակած էր Ուսամա Պըն Լատենի վերջին ձայնագրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ անցեալ ամիս Նիճերի մէջ Ֆրանսայի հինգ քաղաքացիներու առեւանգումը կատարուած է ի պատասխան իսլամներու նկատմամբ Ֆրանսայի անարդար վերաբերմունքին։
Պըն Լատեն նաեւ Ֆրանսայի կոչ կ՛ընէ դուրս բերել զօրքերը Աֆղանիստանէն։ Ըստ անոր, Ֆրանսան «բռնագրաւելով մեր երկիրները եւ սպաննելով մեր կիներն ու երեխաները՝ չի կրնար ապրիլ խաղաղ եւ ապահով պայմաններու մէջ»։
Աֆղանիստանի մէջ շուրջ 4 հազար ֆրանսացի զինուոր կը ծառայեն։ Պըն Լատեն նաեւ սպառնացած է վրէժ լուծել Ֆրանսայէն՝ երկրին մէջ իսլամ կանանց դէմքն ամբողջութեամբ ծածկող լաչակներ կրելը արգիլելու որոշումին համար։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ դատապարտեց «Քայիտա»ի ղեկավարին սպառնալիքները՝ զանոնք անընդունելի որակելով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.