
ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 27ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի քաղաքական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչման մասին Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցած օրինագիծը քուէարկութեան դնելու հարցը:
Քննարկումէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ի պատասխան լրագրողներու «Որեւէ համաձայնութեան եկա՞ք» հարցին՝ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը յայտնած է, որ եթէ մինչեւ Հինգշաբթի կէսօր վերջնական փոխհամաձայնութիւն մը չգոյանայ, ապա օրինագիծը քուէարկութեան պիտի դրուի:
«Բոլորն ուզում են այս համազգային խնդիրն ընդհանուր յայտարարով լուծել, բայց քաղաքական կամք է անհրաժեշտ՝ խիզախութեան եւ միասնութեան իրական սահմանում: Թէեւ չի երեւում, յոյս ունենք, որ վաղը մինչեւ 12ը լուծում կը գտնուի, եւ մենք համախոհական ձեւով առաջ կը գնանք: Բոլոր դէպքերում, մենք պատրաստ ենք քուէարկութեան», ըսած է Րաֆֆի Յովհաննիսեան:
Խորհրդակցութեան մասնակցած էին ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան, ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արամ Սաֆարեան, Նաիրա Զոհրաբեան, ՕԵԿ խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեան, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան:
«Նիուզ էյ.ամ» լրատու գործակալութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան յայտարարած է, թէ իշխանամէտ կուսակցութիւնները խորհրդակցած եւ որոշած են, որ իրենք դէմ են հարցը մեծ օրակարգի մէջ ներառելուն: «Մեր միակ առաջարկութիւնն այն է, որ նրանք օրինագիծն ընդհանրապէս հանեն օրակարգից, եւ այն միայն խորհրդարանի ուղերձում թողնեն», յայտնած է Սահակեան:
Սահակեանի խօսքով, երէկուան քննարկման ընթացքին ինք «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան առաջարկած է յետաձգել քուէարկութիւնը Աստանայի մէջ կայանալիք հանդիպումէն ետք. «Այդպիսով, օրինագիծը օրակարգում կը մնայ եւս 2 ամիս», յայտնած է Սահակեան:
«Մենք բազմիցս յայտարարել ենք, որ նման օրինագիծ չի կարող ընդունուել խորհրդարանում, քանի որ այդ հարցի պատասխանատուն երկրի ղեկավարութիւնն է, ի դէմս ՀՀ նախագահի, որը վաղաժամ է համարում այդ նախաձեռնութիւնը», աւելցուցած է Սահակեան:
Ըստ Սահակեանի, եթէ «Ժառանգութիւն»ը չհամաձայնի յետաձգել քուէարկութիւնը 2 ամիսով, ապա օրինագիծը չընդունուիր: «Իսկ մնացածը, թէ ի՞նչ կը ձեռնարկենք մենք, որ օրինագիծը չանցնի՝ արդէն տեխնիկայի հարց է. ամէն դէպքում, օրինագիծը չի անցնի», յայտնած է Գալուստ Սահակեան: Ան ընդգծած է, թէ նման օրինագիծի դէմ քուէարկելը շատ պատասխանատու հարց է, եւ երկրին ղեկավարութիւնը պատրաստ է ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը: