
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Պելոռուսի «Թեթրայետր» ընկերութիւնը արդէն իսկ ամբողջացուցած է Ատրպէյճանի ռազմական ուժերուն պատկանող «S-125 Pechora» տիպի ցամաքէն օդ հրթիռարձակներու արդիականացումը: Միւս կողմէ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա յայտարարած է, որ Ռուսիայէն, Հայաստանէն, Պելոռուսէն, Ղազախստանէն, Ղրղզստանէն, Տաճիկիստանէն եւ Իւզպեքիստանէն կազմուած կազմակերպութեան ստորաբաժանումները պէտք է զինուին ամենարդիական սպառազինութեամբ:
Յայտնենք, թէ Երկուշաբթի օր, Չելիապինսքի շրջանին մէջ աւարտած է «Գործակցութիւն 2010» զօրավարժութիւններու առաջին փուլը: Պորտիւժան ընդգծած է, որ այդ ռազմափորձերուն մասնակցած են եօթը երկիրներէ ուղարկուած ընտրեալ ստորաբաժանումներ։