Հայոց աշխարհի ողբերգական եւ միաժամանակ հերոսական անցքերով հարուստ պատմութեան մէջ Սիւնիքը առանձնայատուկ տեղ ունի:
Հին Հայաստանի նախարարական տուներուն մէջ Սիւնեաց տոհմը ունեցած է վերապատիւ դիրք եւ ոչ միայն գործուն մասնակից եղած է երկրի քաղաքական կեանքին, այլեւ՝ յաճախ վճռական դերակատար: Պատմական Սիւնիքի նախաթոռը Ծղուկն էր, որ երբեմն կը կոչուի Սիւնիք կամ Սիսական: Ծղուկը Սիւնեաց իշխաններուն բուն գահատեղն էր եւ կը զբաղեցնէր Սիւնեաց աշխարհին կեդրոնը՝ տարածուելով Որոտան գետին աջ ափի երկարութեամբ: Ան կ՛ընդգրկէր ժամանակակից աջափնեայ ամբողջ Սիսիանը, Գորիսի շրջանի արեւմտեան եւ Կապանի շրջանի հիւսիսային կողմի քանի մը գիւղեր: Նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին Ծղուկ գաւառի կեանքին մէջ պատմական կարեւոր դեր ունեցած են Շաղատն ու Տաթեւը, սակայն Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան մուտքէն ետք հետզհետէ բարձրացած է Տաթեւի դերն ու նախքան Քրիստոս 3րդ հազարամեակի վերջերուն անիկա դարձած է ոչ միայն ամբողջ գաւառին, այլեւ ամբողջ Սիւնեաց աշխարհի հոգեւոր, քաղաքական ու մշակութային կեանքի կեդրոն՝ այդ դիրքը պահպանելով երկար ժամանակ:
Տաթեւի հիմնադրման թուականը յայտնի չէ, սակայն պատմական փաստերը կը վկայեն, որ հինաւուրց այս բնակատեղին գոյութիւն ունեցած է տակաւին Ն. Ք. 3րդ դարէն առաջ. ինչպէս նաեւ Ներսէսի «Գահնամակ»ին մէջ կը յիշատակուի Տաթեւանք իշխանական նախարարական տոհմը, որմէ կը հետեւցնենք, որ Տաթեւը հնագոյն իշխանական բնակավայր էր տակաւին հեթանոսական ժամանակներէն: Տաթեւի նշանակութեան բարձրացման մէջ կարեւոր դեր խաղցած են հետեւեալ հանգամանքները՝ բնական շռայլ գեղեցկութիւնը, աներեւակայելի անառիկ ամրոց յիշեցնող նպաստաւոր դիրքն ու Տաթեւի վանքը, որ հետագային Արեւելեան Հայաստանի հոգեւոր կեդրոններէն մէկը ըլլալէն զատ, դարձած է գիտական ու մշակութային ամէնէն նշանաւոր օճախներէն:
Պատմութեան էջերը կը վկայեն, որ 3րդ դարէն ի վեր Տաթեւի մէջ կը գործէր եկեղեցի մը, որ իր շրջակայ հողերով 889 թուականին Սիւնեաց եպիսկոպոս Դաւիթը գնած է Սիւնեաց Փիլիպպ նահապետէն: Հինգ տարի ետք Փիլիպպը Տաթեւ գիւղը կը նուիրէ վանքին: Բնութեան անկրկնելի հրաշալիք մը յիշեցնող այն սարահարթը, ուր տեղակայուած են Տաթեւ գիւղն ու համանուն վանքը, ոչ միայն Սիւնեաց աշխարհի, այլ նաեւ հայոց երկրի ամէնէն գեղատեսիլ վայրերէն են: Աղեղնաձեւ ձգուող լեռներու պարը երեք կողմէն կը պարփակէ սարահարթը, արեւելքէն դէպի անծայրածիր հեռուները նայող նեղ տարածութիւն մը. ժայռահարթակ, որուն տակ գետը կը գահավիժի դէպի անդնդախոր ձորը: Ահռելի եւ անհասանելի կը թուի այդ ձորը նայողին. հարաւ-արեւմուտքը դէպի երկինք կը խոյանայ հեթանոսական աստուածներու հայր Արամազդին անունը կրող լեռը: Շատերը խոստովանած են, որ առաջին անգամ այցելելով Տաթեւ՝ իրենց թուացած է, որ բարձրացած են տանիքն աշխարհի ու երկիրն Արամազդէն անդին այլեւս ձեղուն չունի…
Եւ հոն, ուր լեռնապարի ծայրերը կը ստեղծեն բաց տարածութիւն մը անդնդախոր վիհերէն վեր, եռանկիւնաձեւ ժայռեղէն թերակղզիի վրայ բնութեան այս հրաշալիքը հրաշակերտուեցաւ մարդկային եւս մէկ ձեռքագործով. կառուցուեցաւ հռչակաւոր Տաթեւի վանքը:
ՎԱՆՔԸ
Հիմնադրուած է 4րդ դարուն, 5-7րդ դարերուն եղած է դպրութեան առաջնակարգ կեդրոն, 8րդ դարու վերջէն՝ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան աթոռանիստը: Կառուցապատուած է աստիճանաբար, հիմնականը՝ 9րդ դարու վերջը, 10րդ դարու սկիզբը եւ 17-18 դարերուն։ Տաթեւի եպիսկոպոսութիւնը ունեցած է 47 սեփական գիւղ, 677 գիւղէ ստացած է տասանորդ։ Տնտեսապէս հզօրանալով՝ Տաթեւի եպիսկոպոսութիւնը 940-950-ական թուականներուն փորձած է անկախանալ։ Ի պատասխան Յակոբ եպիսկոպոսի անջատողական գործողութիւններուն՝ հայոց կաթողիկոս Անանիա Ա. Մոկացին բանադրած է զայն։ 958 թուականին եպիսկոպոս ընտրուած Վահանը (որ հետագային հայոց կաթողիկոս Վահան Ա. Սիւնեցի էր) յաջողած է մասամբ վերականգնել Տաթեւի եպիսկոպոսութեան իրաւունքներն ու կալուածները։ 11րդ դարու առաջին կէսին Տաթեւի մէջ եղած են մօտ 1000 միաբան եւ մեծ թիւով արհեստաւորներ (որոնք աշխատած են վանքի գործարանը)։ 1044 թուականին դրացի ամիրայութիւններու զօրքերը աւերած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, գործատուներն ու կից կառոյցները, որոնք, սակայն, շուտով վերականգնած են։ 1087 թուականին համալիրին հարաւարեւմտեան կողմը կը կառուցուի Ս. Աստուածածին երկյարկ դամբարան-եկեղեցին։ Սելճուքեան թուրքերու արշաւանքներու եւ 1136 թուականին երկրաշարժին պատճառով Տաթեւի վանքը վերածուած է աւերակներու։ 1170 թուականին Բաղաբերդը գրաւած սելճուքեան թուրքերը կողոպտած են Տաթեւի եպիսկոպոսարանին գանձերը, այրած՝ ձեռագիրները (մօտ 10 հազար կտոր)։ Ստեփանոս եպիսկոպոսի ջանքերով 12րդ դարու վերջաւորութեան վանքը նորոգուած է։
Մոնկոլական տիրապետութեան շրջանին Տաթեւի վանքը ապահարկութեան իրաւունք ձեռք բերած եւ Օրբէլեաններուն աջակցութեամբ վերականգնած է տնտեսական իր հզօրութիւնը։ Տաթեւի վանքը աւելի հզօրացած է, երբ 1286 թուականին Օրբէլեանները եպիսկոպոսութեան ղեկավարութիւնը վերցուցած են իրենց ձեռքը (Սիւնեաց մետրոպոլիտ օծուած է Ստեփանոս Օրբէլեանը)։ Անոր ջանքերով նահանգին տարանջատուած թեմերը կրկին միաւորուած են Տաթեւի գերիշխանութեան ներքոյ։ 13րդ դարի վերջին Տաթեւի վանքը դարձած է ունիթոռութեան դէմ պայքարի կեդրոն։ 1295 թուականին վերստին նորոգուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ 14-րդ դարուն Տաթեւի վանքը հայկական մշակոյթի կեդրոններէն էր. այնտեղ կը գործէին Տաթեւի մանրանկարչութեան դպրոցը, մատենադարանը, Տաթեւի համալսարանը։ Լենկթիմուրի՝ 1381-1387 թուականներուն Սիւնիք կատարած արշաւանքներու ժամանակ Տաթեւի վանքը կողոպտուած, հրկիզուած եւ կորսնցուցած է կալուածներու զգալի մասը… Վանքը նոր ծանր հարուած ստացած է 1434 թուականին Թեմուրեան գահակալ Շահռուխի արշաւանքի ժամանակ։ Տաթեւի Շմաւոն եպիսկոպոսը միաբաններուն հետ տեղափոխուած է Լոռի եւ հաստատուած՝ Սանահինի վանքը…
Տաթեւի վանքը կրկին բարգաւաճած է 17րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 18-րդ դարուն սկիզբը։ Վանքին հարկատու դարձած են 14 գաւառի 264 գիւղ։ Վերանորոգուած են գրեթէ բոլոր շինութիւնները, կառուցուած են նորերը։ 1796 թուականին վանքը ենթարկուած է Աղա Մահմեթ խանի պարսկական զօրքերու ասպատակութեանն ու կողոպուտին։ 1837 թուականին վերացուած է Տաթեւի մետրոպոլիտութիւնը։
Տաթեւի պարսպապատ վանային համալիրի կազմին մէջ մտած են՝ երեք եկեղեցի, գրատունը, սեղանատունը, զանգակատունը, դամբարանը, տնտեսական եւ օժանդակ շինութիւններ։ Անոր տարածքէն դուրս են ձիթհանը, աղբիւրը, դպրոցը եւ այլն։ Համալիրի պահպանուած հնագոյն կառոյցը Ս. Պօղոս-Պետրոս տաճարն է։ Անիկա հիմնադրուած է 895 թուականին՝ Յովհաննէս եպիսկոպոսի նախաձեռնութեամբ, Սիւնեաց գահերէց իշխան Աշոտի եւ իշխաններ Գրիգոր Սուփանի ու Ձագիկի նիւթական օժանդակութեամբ, շինարարութիւնը աւարտած է 906 թուականին։ Տաճարը ճարտարապետական յօրինուածքով արեւմուտքէն արեւելք ձգուած ուղղանկիւն դահլիճ է, արեւելքը աւագ խորանով եւ անոր յարող զոյգ աւանդատուներով։ Արեւելեան ճակատը մասնատուած է խոր խորշերով, որոնցմէ վերեւ տեղաւորուած են Աշոտ գահերէց իշխանին եւ անոր կնոջ՝ իշխանուհի Շուշանին դիմաքանդակները։ Անոնցմէ աջ եւ ձախ, խորշերու պսակներուն մէջ վիշապ օձերուն եւ այլ աւանդական պահպանիչ էակներու քանդակներ են։ Տաճարին պատերը 930 թուականին ծածկուած են հարուստ որմնանկարներով, որոնցմէ քիչ բան պահպանուած է: Տաճարին գլխաւոր խորանին վրայ պատկերուած եղած է գահի վրայ նստած Քրիստոսը, աւելի ցած՝ առաքեալներ եւ սուրբեր։ Արեւմտեան պատին վրայ մնացած են Ահեղ դատաստանի մեծ պատկերին մնացորդները, իսկ հիւսիսային պատին՝ Ս. Ծննդեան բնաբանին առնչուող տեսարաններ։
Տաճարի հարաւային պատին կից 1043 թուականին կառուցուած է կամարակապ սրահ (քանդուած է 1931 թուականի երկրաշարժէն)։ 1087 թուականին համալիրի պաշտպանական համակարգին հիւսիսարեւմտեան անկիւնը, մուտքի եւ դամբարանի ծածկերուն վրայ, իբրեւ երկրորդ յարկ կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ 1295 թուականին երկրաշարժէն կործանած Ս. Գրիգոր եկեղեցիին տեղը Սիւնեաց մետրոպոլիտ, նշանաւոր պատմիչ Ստեփանոս Օրբէլեանը եկեղեցի մը կառուցած է, դարձեալ Ս. Գրիգոր անուամբ (կ՚ենթադրուի, որ ճարտարապետը Մոմիկը եղած է)։ Ուշ միջնադարուն մեծ տաճարին արեւմտեան կողմը կառուցուած է գաւիթ, տանիքին վրայ՝ զանգակատուն։ Տաճարին հարաւային մուտքին առջեւ 1787 թուականին կառուցուած է Գրիգոր Տաթեւացիին դամբարանը, իսկ 19րդ դարուն վերջին ու 20րդ դարուն սկիզբը՝ տաճարի արեւմտեան մուտքին առջեւ՝ զանգակատուն մը:
Այս հիմնական կառոյցներէն զատ, բակին կեդրոնը, 10րդ դարուն սկիզբը կառուցուած է ճօճուող յուշասիւնը (կոչուած է »Գաւազան«), միակ կառոյցը, որ բազմաթիւ երկրաշարժերէ պահպանուած է անխաթար՝ վկայելով հայ ճարտարապետներուն ամուր կառուցելու մեծ հմտութեան մասին:
14րդ դարուն արդէն հիմնական կառոյցներուն հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը կառուցուած են պարիսպները, բնակելի, օժանդակ եւ տնտեսական կարգ մը շէնքեր: 18րդ դարու շինարարական աշխատանքներու արդիւնք են՝ առաջնորդարանը, վանականներուն խուցերը, շտեմարանը, սեղանատունը, խոհանոցը, հացատունը, գինետունը եւ այլն: 1970ական թուականներէն համալիրը կը վերականգնուի եւ այսօր արդէն տեսանելի է վերականգնուող համալիրին ապագայ պատկերը:
2011ԻՆ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ՁԻԹՀԱՆԸ
Տաթեւի վանքի պարիսպէն հիւսիս-արեւելք կանգուն է վանքին ձիթհանը (կառուցած է Յովակիմ արքեպիսկոպոսը, 18 դարուն վերջը)։ Անիկա բաղկացած է չորս արտադրասենեակէ, որոնց կարգին են գմբեթածածկ կալատունը (բովման վառարանով) ու թաղածածկ մամլման բաժինը։ Տաթեւի ձիթհանը Հայաստանի միջնադարեան նոյնատիպ կառոյցներէն ամէնէն լաւ պահպանուածն ու արժէքաւորն է, եւ, ըստ կառավարութեան ծրագիրներուն, կը սկսի գործել 2011 թուականի աշնան: Ձիթհանի տարածքին կատարուած են գնահատման եւ հետազօտական աշխատանքներ, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ ձիթհանը մաքրուած է փլատակներէն:
Ձիթհանը կառուցուած է Յովակիմ եպիսկոպոսի ջանքերով՝ 18րդ դարուն: Իսկ 19րդ դարու կէսերուն Հայաստանի տարածքին կար 285 ձիթհան, որմէ կը գործէին 35ը եւ կ՛արտադրէին տարեկան 240 թոն ձէթ: Տաթեւի ձիթհանը յատուկ տեղ ունէր անոնց կարգին՝ իր կուռ լուծմամբ եւ չափերով: Անիկա կը գոհացնէր բոլոր մօտակայ գիւղերու բնակիչներուն պահանջները: Մասնագէտներու կարծիքով, ձիթհանին երկրորդ առանձնայատկութիւնն այն է, որ արտաքնապէս այդքան ալ գրաւիչ չէ, սակայն անոր ներքին կառուցուածքը լիովին կը համապատասխանէր հայ ճարտարապետական մտքի լաւագոյն աւանդութիւններուն: Անոր հիմնական մասը գմբեթաձեւ սենեակ է, ուր կայ բովարան եւ աղալու սարք: Յարակից եւս երկու սենեակ կայ, ուր կը քամուէր ձէթը, ուրկէ յայտնաբերուած են հողի մէջ թաղուած կաւէ կարասներ, իւրաքանչիւրին տարողութիւնը՝ 70 լիթր: Սիւնեցիները ձէթ ստանալու համար գործածած են կտաւատի եւ քունճութի սերմեր:
Ըստ ռուս պատմաբան ու ազգագրագէտ Իւան Շոփենի, 19րդ դարուն Հայաստանի տարածքին 3-4 անգամ աւելի ձիթհաններ կային, քան՝ դրացի Վրաստանի ու Ատրպէյճանի մէջ։ Ի դէպ, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի բոլոր ձիթհանները կը պատկանէին հայերուն, որոնք շրջանին մէջ ձէթի արտադրութեան մենաշնորհ ունէին:
ՎԱՆԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ
Ձիթհանէն արեւելք, ձորալանջի եզրին, վանքի բաղնիքի (17րդ դարու կառոյց) երեք մասերէ բաղկացած (քառակուսի յատակագծով հանդերձարան, լողասենեակ եւ ջեռուցման խուց) թաղածածկ շէնքն է։ Տաթեւի վանքէն արեւմուտք, Որոտանի մէջ վտակին վրայ, դէպի Տանձատափ տանող ճանապարհին կանգուն է միաթռիչք (7.2մ), գլանաձեւ թաղով կամուրջը (ըստ արեւմտեան ճակատի արձանագրութեան, կառուցուած է 1672 թուին)։ Գիւղի հարաւային եզրին աղբիւրի շէնքն է (կառուցած է Յովհաննէս վարդապետը՝ 1745 թուականին)։ Տաթեւի վանքի արեւելեան պարիսպին գրեթէ ուղղահայեաց, դարպասի անկիւնէն դէպի արեւելք կը գտնուի վանքի դպրոցին բաւական երկար (74.5 մ) շէնքը (կառուցած է վանահայր Աբրահամ Աստապատցին՝ 18րդ դար):
Դպրոցը գործած է մինչեւ 20րդ դարը, քանդուած է դարասկզբին (ի յայտ եկած է 1981-1982 թուականներուն՝ պեղումներով)։ Ընդհանուր պատ-պարիսպին կից են դպրոցի ուղղանկիւն, թաղածածկ 16 դասասենեակները, որոնց դռները բացուած են դէպի շէնքի առջեւէն ամբողջ երկարութեամբ ձգուող փայտեայ պատշգամը։ Դասասենեակները տաքացուած են բուխարիկներով։ Կիսանկուղային ստորին յարկի սենեակները հաղորդակից եղած են իրարու եւ դուրսէն ունեցած են առանձին դուռեր… Տաթեւի դպրոցը արժէքաւոր է իբրեւ Հայաստանի ուշ միջնադարի ուսումնական կառոյցի մեզ հասած եզակի օրինակ, որ պատկերացում կու տայ 17-18րդ դարերու վանական դպրոցներու ճարտարապետութեան մասին։