
19ամեայ աւանդոյթին համաձայն, Հայ կանանց միջազգային կազմակերպութիւնը այս տարի եւս պիտի պատուէ չորս նշանաւոր հայուհիներ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23ին, «Պայսիքըլ քազինօ»ի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութեան ընթացքին:
Հանդիսութիւնը կ՛իրականացուի հիւրասիրութեամբ «Պայսիքըլ քազինօ»ի սեփականատէրներ Հայկ եւ Անգինէ Քելեքեաններու ու կազմակերպութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին ջանքերով, առաջնորդութեամբ՝ ատենապետուհի Տայան Քապրոլոքի:
Այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին հագուստներու նորաձեւութեան մարզին մէջ հռչակ շահած չորս հայուհիներ՝ Այտա Ղարախանի, Իվեթ Մանտէլ, Անի Կարապետեան ու Անիթա Փառունակեան-Կուտալ:
Հայ կանանց միջազգային կազմակերպութիւնը կ՛իրականացնէ Հայաստանի կարօտեալ ընտանիքներուն օժանդակելու ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ հայ համալսարանական ուսանողներուն կը տրամադրէ կրթանպաստներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 874-2471, (949) 644-6456 կամ (310) 472-2454 թիւերուն:
(Քաղուած՝ Հերմինէ Ճանոյեանի թղթակցութենէն)