
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի հսկայ ռազմական ծախսերուն հետ կապուած Հայաստանի անհանգստութիւնը զարմանալի չէ, յայտարարած է հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի, ռուսական «Կոմերսանտ»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, նկատել տալով, որ անհրաժեշտ է հարցը դիտարկել Կովկասի մէջ ռազմական ներուժի գնահատման տեսանկիւնէն:
«Միջոցներու եւ հակաքայլերու ձեռնարկումը, վերջին հաշուով, կրնայ վտանգաւոր եւ ողբերգական ըլլալ: Անթոյլատրելի է Լեռնային Ղարաբաղի կամ այլ հակամարտութիւններու ռազմական լուծումը», ընդգծած է Սեմնեպի:
Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմական խարիսխներու տեղակայման ժամկէտի երկարացման համաձայնութեան անդրադառնալով՝ ան նշած է, որ այդ պայմանագիրը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ հարցն է: «Ռուսական ռազմակայաններու տեղակայումը երկարաձգուած է 49 տարիով. արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի չլուծուի 49 տարիէն» հարցումին, Սեմնեպի պատասխանած է ըսելով, որ ողբերգական պիտի ըլլայ, եթէ հակամարտութիւնը անլոյծ մնայ եւս 40 տարի: «Անհրաժեշտ է շարունակել ջանքերը, որպէսզի հակամարտութիւնը լուծուի: Պէտք է հրադադարը պահպանել: Հրադադարը, անշուշտ, վերջնական լուծում չէ հիմնախնդիրին, սակայն ան կը նպաստէ բանակցային գործընթացին», նշած է Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչը: