ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Բացումը կատարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի կրթական տարեշրջանին՝ Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց Դպրեվանքին վիճակուած կենսական առաքելութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքէն ներս: Վեհափառը ըսաւ. «Սոսկ կրօնական կառոյց մը չէ Դպրեվանքը, բառին նեղ առումով: Աւելի լայն շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել անոր դերակատարութիւնը: Ճիշդ է, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակներու պատրաստութիւնը առանցքը կը կազմէ Դպրեվանքին, սակայն անոր առընթեր, նաեւ ուսուցիչին ու մտաւորականի կազմաւորումը անքակտելի մասը եղած է ու կը մնայ Դպրեվանքի կոչումին: Այս յանձնառութեամբ Դպրեվանքը գործած է անցնող տասնամեակներուն ու վերանորոգ տեսիլքով պիտի շարունակէ իր իւրայատուկ առաքելութիւնը»:
Ապա հայրապետը անդրադարձաւ տակաւ շիջող մարդուժի կարիքին հայ կեանքէն ներս: Ան շեշտակի կերպով ըսաւ. «Այսօր մարդու պակաս կայ մեր կեանքէն ներս, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Հոգեւորականի պակաս կայ հայ եկեղեցիէն ներս. հայ ուսուցիչի պակաս կայ հայ դպրոցէն ներս. մտաւորականի պակաս կայ հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս. եւ այսպէս կարելի է թուելով այն բնագաւառները մեր կեանքին, ուր մասնագէտ, փորձառու ու նուիրեալ մարդիկ սկսած են պակսելու: Քանակը անիմաստ է ու միաժամանակ՝ վտանգաւոր. անհրաժեշտը որակն է: Եւ որակն է, որ սկսած է նուազելու: Ահա այս առաքելութեան լծուած է Անթիլիասի Դպրեվանքը: Հոս կը պատրաստուի այնպիսի մարդ, որ ունենայ հաւատք ու նուիրում, գիտութիւն ու նախանձախնդրութիւն, եւ այս բոլորէն առաջ ու վեր՝ մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին ու ժողովուրդին ծառայելու կոչում»:
Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ հայ դպրոցին՝ շեշտելով անոր ճակատագրական դերը հայ կեանքէն ներս, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ: «Կրթական սովորական կառոյց մը չէ հայ դպրոցը. մեր ժողովուրդին համար անիկա սրբազան տաճար է, որուն ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը փոխանցուին մեր հոգեմտաւոր արժէքները, հայ ոգին, հայու պահանջատիրութիւնը: Հետեւաբար, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու խոր երկիւղածութեամբ հարկ է մօտենալ հայ դպրոցին: Հայ ծնողները իրենց զաւակները պէտք է յանձնեն հայ դպրոցին՝ հեռու մնալով օտարին օտարացնող ճամբաներէն: Հայ ունեւորը առաւելագոյն չափով պէտք է նիւթապէս նպաստէ հայ դպրոցին, որպէսզի ան կարենայ իր առաքելութիւնը լիովին կատարել: Հայ ուսուցիչին նկատմամբ պէտք է ցուցաբերել յատուկ հոգածութիւն, որպէսզի ան կարենայ իր գերագոյն ճիգը կատարել հայեցի դաստիարակութեան գծով: Մեր կրթական մարմինները պէտք է մօտէն հետեւին հայ դպրոցին կեանքին ու առաքելութեան, որպէսզի ան կարենայ միշտ մնալ հզօր ու կենսունակ»:
Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ. «Հակառակ այն իրողութեան, որ մեր ժողովուրդի կրթական մարզը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւնները, սակայն պէտք չէ վհատիլ. պէտք չէ միայն դժուարութիւններու մասին խօսիլ, այլ հայ դպրոցին նկատմամբ մեր հաւաքական հաւատքը ու յոյսը պէտք է վերաշեշտել՝ անոր առաքելութիւնը աւելի ծաղկեցնելու գիտակից յանձնառութեամբ»: