
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ այդ խնդիրի կարգաւորման։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն անցեալ ամիս ՄԱԿի մէջ այդ նիւթը քննարկած է շարք մը երկիրներու ղեկավարներու հետ», յայտարարած է Քրաուլի՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան «Wall street Journal»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած էր, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններն աւարտած են արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ, եւ «չկայ ո՛չ «լուռ դիւանագիտութիւն», ո՛չ «Ցիւրիխի երկրորդ շրջան» եւ ո՛չ ալ բանակցութիւնների որեւէ նոր փուլ, ինչպէս դա վերջերս փորձում է յաճախ ներկայացնել թուրքական մամուլը»: Ան աւելցուցած էր, թէ Հայաստան պատրաստ է գործընթացը շարունակելու, եթէ Թուրքիան վերցնէ իր նախապայմանները:
Նշենք, որ Քլինթըն Յուլիս 4ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յստակօրէն յայտարարած էր, թէ «Գնդակը ներկայիս թրքական դաշտին մէջն է»: