ՆՈԱՄ ՉՈՄՍՔԻ
Աֆղանիստանի մէջ պատերազմի մասին զինուորական գաղտնի փաստաթուղթերու վեց տարուան արխիւը՝ «Տը Ուոր Լոկզ», զոր «Ուիքիլիքս» կազմակերպութիւնը հրապարակած է համացանցին վրայ, կը վաւերագրէ, որ Միացեալ Նահանգներու տեսանկիւնով, ահաւոր պայքարը աւելի սարսափելի կը դառնայ, իսկ Աֆղանիստանի համար լեռնացող սարսափի մը կը վերածուի։
Ամէն պարագայի արժէքաւոր «Տը Ուոր Լոկզ»ը կրնայ նպաստել դժբախտաբար տիրական այն համոզումին, թէ պատերազմները սխալ կ՛ըլլան միայն այն պարագային, երբ յաջող չեն (այնպէս՝ ինչպէս նացիները զգացին Սթալինկրատէն ետք)։
Ընթացիկ տարուան Յուլիսին բացայայտուեցաւ խեղկատակ ձախողութիւնը զօրավար Սթենլի Մաքքրիսթըլի, որ Աֆղանիստանի մէջ գործող ամերիկեան ուժերու հրամանատարի պաշտօնէն պարտադրաբար հանգստեան կոչուեցաւ եւ զինք փոխարինեց իր մեծաւորը՝ զօրավար Տէյվիտ Փեթրաուս։
«Ընդունելի» հետեւանքը եղաւ այն, որ ամերիկեան ուժերու «բախումի կանոններ»ը այնքան մեղմացան, որ աւելի դիւրին դարձաւ քաղաքայիններ սպաննելը եւ պատերազմի երկարաձգումը դէպի հեռաւոր ապագայ, նկատի ունենալով, որ Փեթրաուս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ իր լծակները կ՛օգտագործէ այս արդիւնքը նուաճելու համար։
Աֆղանիստանը նախագահ Պարաք Օպամայի այժմու գլխաւոր պատերազմն է։ Պաշտօնապէս յայտարարուած նպատակն է Միացեալ Նահանգներու ինքնապաշտպանութիւնը Քայիտայէն, որ արհեստավարժ գրականութեան մէջ կը կոչուի իսկական կազմակերպութիւն մը՝ առանց որոշ խարիսխի, «ցանցերու ցանց մը» եւ «առանց ղեկավարի դիմադրութիւն»։ Քայիտա այժմ աւելի զարգացուցած է իր կազմակերպական ոճը. ան այժմ կազմուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին թուլօրէն իրարու միացած յարաբերաբար անկախ հատուածներէ։
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութիւնը՝ «Սի. Այ. Էյ.» կ՛ենթադրէ, թէ 50-100 Քայիտայի գործիչներ այժմ Աֆղանիստան կը գտնուին, բայց ոչ մէկ նշում կայ, որ թալեպան շարժումը կ՚ուզէ կրկնել Քայիտայի ապաստան յատկացնելու իր սխալը։
Ի տարբերութիւն Քայիտայի՝ այնպէս կ՚երեւի, որ թալեպան շարժումը շատ լաւ հաստատուած է Աֆղանիստանի արգիլեալ հողերուն, մասնաւորաբար փաշթունաբնակ շրջանին մէջ։
Փետրուարին, Պարաք Օպամայի նոր ռազմավարութեան առաջին փորձին, Միացեալ Նահանգներու ուժերը գրաւեցին Մարժան՝ փոքր շրջան մը Հելմանտ նահանգին մէջ, որ երկիր թափանցող տարրերու գլխաւոր կեդրոնն է։
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի աշխատակից Ռիչարտ Օփփելի, Մարժայի մէջ ամերիկեան ուժերը բախած են թալեպան ինքնութեան եւ այդ ինքնութիւնը այնքան տիրական էր շրջանին մէջ, որ կը թուի, թէ շարժումը աւելի մօտ է միակուսակցական վարչաձեւի ենթակայ երկրի մը միակ քաղաքական կազմակերպութեան։
«Մենք պէտք է վերարժեւորենք «թշնամի» բառին մեր սահմանումը», ըսաւ Հելմանտ նահանգի ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօրավար Լարրի Նիքոլսըն։ Ան աւելցուց. «Հոս շատեր իրենք զիրենք կը նոյնացնեն թալեպաններուն հետ։ Մենք պէտք է մեր մտածելակերպը յարմարցնենք այնպէս մը, որ մենք թշնամի՛ն կը փորձենք հալածել Մարժայէն դուրս, այլ ոչ թէ՝ թալեպան շարժումը»։
Ամերիկեան ուժերը կը դիմագրաւեն հարց մը, որ միշտ տանջած է բռնագրաւողները։ Բան մը, որ շատ ծանօթ է Միացեալ Նահանգներուն՝ Վիեթնամի պատերազմէն։ 1969ին Տուկլաս Փայք՝ Վիեթնամի հարցով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առաջատար ուսումնասիրողը, ողբաց, որ թշնամին՝ Ազգային ազատագրութեան ճակատը միակ եւ իսկական զանգուածային քաղաքական կուսակցութիւնն է Հարաւային Վիեթնամի մէջ։
«Այդ թշնամիին հետ մրցակցելու որեւէ ջանք քաղաքականօրէն պիտի նմանի ձկնիկի մը եւ կէտի մը միջեւ ընդհարումի,- ըսաւ Փայք եւ աւելցուց,- ուրեմն մենք պէտք է յաղթահարենք Ազգային ազատագրութեան ճակատ քաղաքական ուժը՝ օգտագործելով մեր համեմատական առաւելութիւնը. վայրագութիւն ահաւոր, սարսափեցնող արդիւնքով։
Ուրիշներ ալ նման հարցեր դիմակալեցին։ Օրինակ, ռուսերը՝ 1980ական թուականներուն Աֆղանիստանի մէջ, ուր բոլոր ճակատամարտերը շահեցան, բայց պատերազմը կորսնցուցին։
Միացեալ Նահանգներու ուժերու մէկ այլ ներխուժումին մասին, 1898ին Ֆիլիփփինեաններ, Շիքակոյի համալսարանէն պատմաբան Պրուս Քամինկս ըրած է նկատողութիւն մը, որ այսօր շատ կը յարմարի Աֆղանիստանին։
«Երբ նաւաստի մը կը տեսնէ, որ ինք կ՛ուղղուի դէպի աղէտ, ուղղութիւն կը փոխէ, բայց կայսերական բանակները իրենց կօշիկները կը խրեն սուզաւազի մէջ եւ կը շարունակեն քալել, բայց միայն շրջանակի մէջ, մինչ քաղաքական գործիչները ամերիկեան գաղափարներու ասացուածքներու գիրքը կը հարստացնեն»։
Մարժայի յաղթանակէն ետք, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ուժերէն կը սպասուէր, որ յարձակէին Գանտահար խոշոր քաղաքին վրայ, ուր, ըստ ամերիկեան բանակին Ապրիլին կազմակերպած հարցախոյզին արդիւնքին, բնակչութեան 95 առ հարիւրը ընդդիմացած է զինուորական գործողութեան եւ վեց անձէն հինգը թալեպանները կը նկատէ իր աֆղան եղբայրները։ Այս ալ նախկին բռնագրաւումներուն արձագանգն է։ Գանտահարի ծրագիրները յետաձգուեցան մասամբ ՄըքՔրիսթըլի մեկնումին պատճառով։
Այս պայմաններուն մէջ զարմանալի չէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մտահոգուած են, որ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմին ժողովրդային զօրակցութիւնը կրնայ աւելի տկարանալ։
Մայիսին «Ուիքիլիքս» հրապարակեց պատերազմին Արեւմտեան Եւրոպայի զօրակցութիւնը ինչպէ՛ս պահելու մասին Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան՝ «Սի. Այ. Էյ.»ի յուշագիրը. «Ինչո՞ւ անբաւարար կրնայ ըլլալ, անտարբերութեան ապաւինիլը» ենթախորագիրով։
«Աֆղանիստանի առաքելութեան հանդէպ հանրութեան նուազ հետաքրքրութեան պատճառով Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները սկսած են արհամարհել ժողովրդային ընդդիմութիւնը եւ կանոնաւոր կերպով աւելցնել Միջազգային ապահովական օժանդակ ուժերու իրենց մասնակցութիւնը՝ յաւելեալ զինուորներ առաքելով», կ՛ըսուի յուշագիրին մէջ։
«Պերլին եւ Փարիզ ներկայիս ամէնէն շատ թիւով զինուորներ ունին այդ ուժերուն մէջ, հակառակ անոր որ հարցախոյզին պատասխանած ֆրանսացիներուն եւ գերմանացիներուն 80 առ հարիւրը կ՛ընդդիմանայ Միջազգային ուժերու յաւելումին»։ Ուրեմն անհրաժեշտ է «ձեւել, կարել պատգամ մը», որպէսզի «կանխուի կամ առնուազն զսպուի» պատերազմին մասին ընդվզեցուցիչ տեղեկութիւններու հոսքի պարագային ժողովրդային հակազդեցութիւնը։
Յուշագիրը պէտք է մեզի յիշեցնէ, որ պետութիւնները ներքին թշնամիներ ունին՝ իրենց բնակչութիւնը, որ պէտք է հակակշիռի տակ պահել, երբ պետութեան քաղաքականութեան կ՛ընդդիմանայ հանրութիւնը։
Ժողովրդավար ընկերութիւններ կ՛ապաւինին ոչ թէ ուժին, այլ՝ քարոզչութեան, «անհրաժեշտ պատրանքով» եւ «զգացականօրէն ատակ պարզունակութեամբ». այս մէջբերումը կը կատարենք Օպամայի նախասիրած փիլիսոփայէն՝ Ռէյնհոլտ Նիեպուհրէն։
Այն ատեն ներքին թշնամին հակակշռելու համար պատերազմը կը մնայ շատ պատշաճ։ Արդարեւ, ատկէ կրնայ կախեալ ըլլալ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմին ապագան։
«Նիւ Եորք Թայմզ Սինտիքեթ»