ՆԻՒ ՏԵԼՀԻ.- Հնդկական հեղինակաւոր «Էսիըն Էյճ» թերթը հրատարակեց խմբագրական մը՝ պնդելով, որ Ատրպէյճան կը դառնայ զէնքերու մաքսանենգման կեդրոն մը եւ այդ զէնքերը Փաքիստանի կողմէ կը գործածուին Հնդկաստանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու համար։
Ըստ խմբագրականին, հետախուզական գործակալութիւններու վերջին տուեալները բացայայտած են, թէ Փաքիստանի մէջ տեղակայուած զինեալ խումբերը զէնքեր ձեռք կը բերեն Ատրպէյճանէն, եւ Աֆղանիստանի հետ սահմանին միջոցաւ՝ «այդ զէնքը կը մատակարարուի գրաւուած Քաշմիրի տարածաշրջանին»։