ՍԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 6ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի նախագահին առընթեր Սեւանի հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Մովսիսեան յայտարարած է, թէ պետական ծրագիրով Սեւանի մակարդակը 2029ին պիտի հասցուի ծովի մակերեսէն 1903.5 մեթր բարձրութեան, այսինքն՝ 3.5 մեթր աւելի բարձր, քան ներկայիս: «Դա թոյլ կը տայ Սեւանի մաքուր ջրի պաշարները հասցնել 42 միլիառ խորանարդ մեթր՝ ներկայիս 35 միլիառին փոխարէն», ըսած է ան:
Նշենք, որ Սեւան կը թափուի շրջակայ 43 համայնքներու եւ քաղաքներու կոյուղիներուն ջուրերը: Վ. Մովսիսեանի տեղեկութիւններով, սկսած են Սեւան, Մարտունի, Գաւառ, Վարդենիս եւ æերմուկ քաղաքներու կոյուղիներու գիծերուն մաքրութեան ու վերականգնման աշխատանքները: «Մաքրութեան առումով, բանակցութիւններ են վարւում «Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական պանք»ի հետ, որ կարողանանք առափնեայ 43 համայնքներում հերթականութեամբ լուծել ջրամատակարարման, կոյուղացման եւ մաքրման խնդիրները», նշած է Մովսիսեան՝ աւելցնելով, որ այդ նպատակով կը ստեղծուի նաեւ «Սեւանի հիմնահարցերի պահպանման ու վերականգնման համահայկական հիմնադրամ»ը: