
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան համաձայն, Պաքուի մէջ իր հանդիպումները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6ին աւարտած եւ այդտեղէն Հայաստան մեկնած ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մաս կազմող ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ յայտարարած է, թէ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ պաշտօնական հանդիպումներէն ետք, համանախագահները Հոկտեմբեր 7ին Ստեփանակերտ պիտի մեկնին: Ֆրանսացի դիւանագէտը աւելցուցած էր, որ Ստեփանակերտի մէջ պիտի որոշուի հերթական այցելութիւններու երթուղին։ «Եթէ ամէն ինչ նախատեսուածին համաձայն ընթանայ եւ եղանակային պայմանները թոյլ տան, ապա առաքելութիւնը իր աշխատանքները պիտի աւարտէ Հոկտեմբեր 13ին», ըսած է Ֆասիէ:
Ֆասիէ «արդիւնաբեր» որակած է Ատրպէյճանի նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ բանակցութիւնները: