ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հոկտեմբեր 4ին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիտ Ալի Սաղայեանը:
Յովիկ Աբրահամեան գնահատած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները, ու կարեւոր համարած՝ տարբեր ուղղութիւններով փոխգործակցութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի՝ Հոկտեմբեր 8ին Հայաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան առնչուող հարցերուն։