
ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Ըստ ատրպեճանական ANS հեռատեսիլի ընկերութեան, Հոկտեմբեր 5ին եւ 6ին, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները Ատրպէյճանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան իշխանութիւններու, փախստականներու հարցերով զբաղող կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ատրպեճանական համայնքին հետ։
Հոկտեմբեր 6ի կէսօրին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նախատեսուած հանդիպումէն ետք, միջնորդները կը ժամանեն Հայաստան, այնուհետեւ՝ Ստեփանակերտ:
Ըստ Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի, բուն՝ Լեռնային Ղարաբաղին յարող 7 շրջաններուն մէջ նախատեսուած Փաստահաւաք առաքելութիւնը կը սկսի Հոկտեմբեր 7ին, երբ միջնորդները հերթով պիտի այցելեն 7 շրջաններ։
Կ՛ակնկալուի, որ անոնք իրենց առաքելութիւնը աւարտեն մէկ շաբաթուան ընթացքին, եթէ եղանակային պայմանները բարենպաստ ըլլան, ըսած է Ֆասիէ՝ աւելցնելով, որ նմանօրինակ առաքելութեան իրականացումը արդէն իսկ կարեւոր է։ Ան յիշեցուցած է, որ վերջին անգամ նման նախաձեռնութեամբ միջնորդները հանդէս եկած են 2005ին:
«Այդ այցէն արդէն անցած է հինգ տարի, եւ մեր նպատակն է այժմ՝ նախ եւ առաջ պարզել, թէ ի՞նչ փոխուած է Ղարաբաղին յարող շրջաններուն մէջ վերջին հինգ տարուան ընթացքին», յայտարարած է Պ. Ֆասիէ՝ ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն։
«Այս տարի՝ նախորդին համեմատ, ղարաբաղեան խնդիրին շուրջ բանակցութիւնները դժուար կ՛ընթանան», ըսած է ֆրանսացի համանախագահը՝ յիշեցնելով, որ 2009ին երկու երկիրներուն նախագահները յաճախ ունեցած են դէմ առ դէմ հանդիպումներ:
«Հակառակ դժուարութիւններուն, մենք կ՛ուզենք անգամ մը եւս հատել կողմերուն միջեւ առկայ շփման գիծը եւ ցոյց տալ, որ անիկա երկաթեայ վարագոյր չէ», յայտարարած է Ֆասիէ:
Դիւանագէտը յիշեցուցած է, որ հակամարտութեան գօտի կատարած նախորդ այցելութեան ժամանակ, անցեալ 9 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով միջնորդները Ղարաբաղ այցելած են Ատրպէյճանի տարածքէն: «Յոյսով եմ, որ պէտք չըլլար սպասել եւս 9 տարի մը՝ նոյն երթուղին կրկնելու համար», ընդգծած է Ֆասիէ:
Անդրադառնալով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Դեկտեմբերին ԵԱՀԿի հերթական վեհաժողովին ծիրէն ներս հնարաւոր հանդիպման՝ դիւանագէտը յայտնած է. «Տակաւին երկու ամիս ժամանակ կայ, եւ առայժմ դժուար է ըսել՝ հանդիպում տեղի կ՛ունենա՞յ, թէ ո»չ: