
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրք-ամերիկեան համախոհութեան գրասենեակին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Մեսեչուսեցի համալսարանէն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող փրոֆ. Կունթըր Լեւի յայտարարած է, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը կը տկարացնէ Անգարայի դիրքը, որովհետեւ անոր հետեւանքով պիտի ըսուի, թէ Թուրքիա «կը վախնայ ազատ ուսումնասիրութիւններէն»։
Այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք ինք պարտուած է Ցեղասպանութեան դէմ մղած իր պայքարին մէջ, նկատի ունենալով, որ ան քանի մը օր առաջ ըսած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ լրատուամիջոցներուն եւ մտաւորականներուն մեծ մասը Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մը կը համարէ՝ Լեւի ըսած է. «Բնականաբար, որեւէ պարտութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ Մեծ յառաջընթաց ապահովուած է, բայց դեռ շատ բան կայ ընելու։ Սակայն կը մօտենայ 2015ը, եւ դժուարութիւններ կրնան յառաջ գալ։ Այդ թուականին հետ կապուած մտահոգութիւններ ունիմ»։