
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեւանի «Հատիս» պասքեթպոլի կանանց խումբը Սեպտեմբեր 29ին աւարտած է Գուրսքի բաժակի մրցաշարքին ելոյթները: Մրցաշարքի 3րդ խաղին, Հայաստանի ախոյեան «Հատիս»ը մրցած է Ուքրանիոյ հզօրագոյն ակումբին՝ «Տիմ-Սկուֆ»ի հետ: Հայկական խումբը 73:53 արդիւնքով յաղթած է Ուքրանիոյ ախոյեանին, եւ 4 խումբերու պայքարին ընթացքին ապահոված է 2րդ հորիզոնականը:
Ըստ «armsport.am»ի, Գուրսքի մէջ բնակող հայերը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն «Հատիս»ին: Սեպտեմբեր 28ին, Գուրսքի հայկական համայնքի ղեկավարութիւնը, ղեկավար Ալեքսան Կոշտոյեանի նախաձեռնութեամբ՝ ընդունելութիւն մը կազմակերպած է խումբին ի պատիւ: