
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 27ին ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակր-թութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի հրաւիրած խորհրդարանական լսումներու ընթացքին քննարկուած է ՀՀ կառավարութեան հեղինակած եւ առաջին ընթերցումով Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած «Հանրակրթութեան մասին» եւ «Լեզուի մասին» ՀՀ օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն փաթեթը:
Քննարկման ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը եւ Կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը յայտնած են, որ փաթեթը քննարկուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ կառավարութեան հետ, եւ որոշուած է անկէ դուրս հանել «Լեզուի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու վերաբերող նախագիծը:
Նախարար Արմէն Աշոտեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ «Լեզուի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքին նախագիծը՝ փաթեթէն հանել չի նշանակեր, թէ այդ օրէնքը փոփոխութեան կարիք չունի: «Դա կարուի փաթեթից դուրս», ըսած է նախարարը՝ քանի որ փաթեթէն հանելը քաղաքական եւ իրաւական որոշում էր:
Փոփոխուած օրինագիծի ընդունման պարագային՝ կը նախատեսուի բանալ տասնմէկ այլընտրանքային դպրոց, որոնց երկուքը կը ստեղծուին իբրեւ ոչ պետական ուսումնական հաստատութիւններ եւ կը գործեն Դիլիջանի ու æերմուկի մէջ՝ եօթերորդ դասարանէն սկսեալ, մնացեալ ինը կը ստեղծուին միջպետական եւ միջկառավարական համաձայնագիրներու հիման վրայ եւ կ՛իրականացնեն միջնակարգ կրթութեան երրորդ աստիճանի հանրակրթական ծրագիրներ: Կը նախատեսուի, որ նշուած այլընտրանքային դպրոցներուն մէջ՝ ուսուցումը բացի հայագիտական առարկաներէն, կ՛իրականացուի օտար լեզուներով: Առաջին դպրոցի բացումն, ըստ նախարարի, հաւանաբար կը կատարուի 2012-2013ին:
Նշենք, որ բազմաթիւ պատգամաւորներէն զատ, քննարկման կը մասնակցէին նաեւ հասարակական եւ այլ շահագրգիռ կազմակերպութիւններու, շարժումներու ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ, որոնց մէկ մասը, որոնց շարքին յատկապէս Գարեգին Չուքասզեան, բուռն կերպով քննադատած է նախարար Աշոտեանը:
Ամփոփելով լսումները՝ ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ սփորթի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Դաւթեան նշած է, որ թէեւ աւարտած է գրաւոր առաջարկներ ներկայացնելու ժամանակահատուածը, այնուամենայնիւ հնարաւորութիւն պիտի տրուի զանոնք ներկայացնել եւ հնչեցուած մօտեցումները հաշուի առնելով՝ լրամշակել օրինագիծը: