ԵՐԵՒԱՆ.- Երիտասարդ նկարիչ Աննա Յարութիւնեանի հեղինակութեամբ «Total Art»ը պիտի նկարահանէ «Դաշտադէմի Ամրոցը» շարժապատկերը, որ Կամսարականներու օրով կառուցուած Ներքին Թալինի Քաղենիի հազարամեայ ամրոցին մասին է:
50 վայրկեան տեւողութեամբ շարժապատկերին նիւթը հիմնուած է երեքհարիւրամեայ առասպելին վրայ, որ ըստ Ա. Տ. Ղանալանեանի «Հայկական աւանդապատում» գիրքին եւ Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» վէպին, Քաղենիի ամրոցի միջնաբերդի գրաւման հատուածին մասին է:
Շարժապատկերի խաղարկային հատուածներուն զուգահեռ նաեւ պիտի տրուի պատմական, ազգագրական եւ ճարտարապետական ստոյգ տեղեկատուութիւն, զոր պիտի ներկայացնեն պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արտակ Մովսիսեանը, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Հրանոյշ Խառատեանը, պատմա-աշխարհագրագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գեղամ Բադալեանը եւ ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Դաւիթ Քերթմենջեանը:
Շարժանկարը կը նկարահանուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: