ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Ազդակ» կը տեղեկացնէ, որ անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի զանազան տեսարժան վայրերը կատարուած շրջապտոյտէ մը ետք, Կիրակի, Սեպտեմբեր 19ին, «Գոհար» երգի ու պարի համոյթը իր 160է աւելի երաժիշտներով, երգիչներով եւ պարախումբի 15 անդամներով մուտք գործեց Զուք Միքայէլի հռոմէական ամփիթատրոնի սրահ։ Հեռաձայնային կարճ հաղորդակցութիւն մը ունենալով «Գոհար»ի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեանի հետ՝ «Ազդակ» անոր հարց տուաւ, թէ ո՞ւր հասած են նախապատրաստական աշխատանքները։ Սերոբեան տեղեկացուց, որ երէկ իսկ սկսան համոյթի նախապատրաստական աշխատանքները՝ այսօր տեղի ունենալիք փորձերուն նախօրեակին։
Սերոբեան ընդգծեց, որ «Գոհար»ի անձնակազմի բոլոր անդամները հիացմունքով տարուած էին, երբ տեսան ու շօշափեցին այն ամբողջ աշխատանքը, որ տարուած էր վերջին երկու շաբթուան ընթացքին, «Գոհար»ի վարչական խումբին կողմէ։
Սեւակ Սերոբեան ընդգծեց, որ շաբաթ երեկոյեան արդէն ձայնի բոլոր մասնագէտները ամփիթատրոն ժամանեցին եւ ամէնէն բարձր մակարդակով ձայնը ապահովելու աշխատանքները տարին։